Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով հանդէս եկած է Ծաղկաձորի մէջ ընթացող «Հայաստանի հանքարդիւնաբերական համագումար 2026»-ին։
Փաշինեան կարեւորած է ամէնամեայ այս միջոցառման կայացումը՝ ընդգծելով, որ հանքարդիւնաբերութեան դերը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ էական է։
«Առաջին օրէն Կառավարութեան եւ պետական իշխանութեան այլ մարմիններու ներկայացուցիչներ ամենատարբեր ձեւաչափերով կը մասնակցին այս համագումարին։ Երկխօսութեան համար լաւ հարթակ է։ Ըստ էութեան, սա թափանցիկ երկխօսութիւն է, բաց կը խօսուի խնդիրներու եւ լուծման հնարաւորութիւններու մասին, ինչ որ շատ կարեւոր է։ Կրնանք յստակ արձանագրել՝ ոլորտին մէջ կան մեծ հնարաւորութիւններ, նաեւ մարտահրաւէրներ։
Շատ կարեւոր է, որ այս տարի համագումարը տեղի կ՚ունենայ COP17-ին զուգահեռ։ Սա եւս մէկ լաւ առիթ է մեր ուշադրութիւնը հրաւիրելու կարեւոր հարցի, այն է՝ Հայաստանի մէջ հանքարդիւնաբերութիւնը հնարաւորինս բարձր չափանիշերու համապատասխանեցնելը։ Ակնյայտ է, որ բնապահպանական չափանիշերու խնդիրը Հայաստանի եւ ամէնուր աւելի արդիական կը դառնայ։ Աշխարհը կ՚առերեսուի այն իրողութեան հետ, որ Երկիր մոլորակը բնապահպանական շատ բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է։ Չեմ կրնար ըսել, որ մենք այս ուղղութեամբ որեւէ քայլ չենք կատարած, բայց չենք կրնար խօսիլ տեսանելի ապագային այս խնդիրը լուծուած համարելու մասին։
Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը էական ազդեցութիւն ունի Հայաստանի ՀՆԱ-ի եւ մեր արտահանման ծաւալի ձեւաւորման վրայ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։