ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանադրութեան կողմերու 17-րդ համաժողովը՝ COP17-ը, Հայաստանի համար նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ ինչպէս կենսաբազմազանութեան պահպանութեան, այնպէս ալ միջազգային համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ անդրադառնալով համաժողովի նշանակութեան Հայաստանի համար։
Անոր խօսքով՝ կարեւոր է, որ երկրի տնտեսական զարգացման գործընթացներուն մէջ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան հարցը շարունակէ արժանանալ պատշաճ ուշադրութեան։
«Բնականաբար, կենսաբազմազանութեան ոլորտը մեզի համար պէտք է աւելի ու աւելի մեծ կարեւորութիւն ստանայ։ Տնտեսական զարգացումներու յորձանուտին մէջ պէտք չէ մոռնանք պատշաճ ուշադրութիւն դարձնել այս ոլորտին։ Հայաստանը յառաջիկայ երկու տարիներուն պիտի նախագահէ COP17-ի ծիրէն ներս ընթացող գործընթացը, ինչ որ նաեւ սա միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման մեծ հնարաւորութիւն է»,- նշեց Միրզոյեան։
Անոր խօսքով՝ համաժողովին բազմաթիւ երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ ամրապնդելու առկայ կապերը եւ յառաջիկայ երկու տարիներուն շարունակելու համագործակցութիւնը միջազգային գործընկերներու հետ։
Խօսելով այն մասին, թէ COP17 համաժողովի Կապոյտ գօտիին մէջ Հայաստանի տաղաւարին մէջ ինչը առաջին հերթին կրնայ գրաւել միջազգային այցելուներու ուշադրութիւնը՝ Միրզոյեան բարձր գնահատեց տաղաւարին ընդհանուր գաղափարն ու իրականացումը։ «Հայաստանի տաղաւարը հրաշալի է։ Տպաւորիչ է, ճաշակով, բովանդակալից, իսկ կատարման առումով՝ ժամանակակից»,- եզրափակեց Արարատ Միրզոյեան։