ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին դաշնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովը Հայաստանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի ոչ միայն բնապահպանական, այլեւ քաղաքական, տնտեսական եւ անվտանգութեան տեսանկիւնէն։
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալէն Սիմոնեան՝ խօսելով համաժողովի ընձեռած հնարաւորութիւններուն եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն մասին։
Անոր խօսքով՝ այսպիսի մասշտապի միջազգային միջոցառման կայացումը Հայաստանի մէջ հնարաւորութիւն կու տայ ամրապնդելու երկրին կապերը միջազգային գործընկերներու հետ, բարձրացնելու Հայաստանի ճանաչելիութիւնը եւ ընդգծելու միջազգային գործընթացներուն մէջ երկրի ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։
«Անվտանգութիւնը առաջին հերթին է։ Ակնյայտ է, որ այս միջոցառումը իր մէջ նաեւ քաղաքական բաղադրիչ ունի։ Այսքան մարդու, այսքան երկրի եւ այսքան մասնակիցի ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կարեւոր իրադարձութիւն է։ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ աշխարհի մէկ մասը ըլլալու համար ասիկա կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է։ Անհնար է չնկատել այս բոլորին դրական կողմերը»,- նշեց Սիմոնեան։
Անոր խօսքով՝ միջազգային այսպիսի հարթակները հնարաւորութիւն կու տան Հայաստանի համար նոր կապեր հաստատելու, տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ անմիջական շփումներ ունենալու եւ համագործակցութեան հետագայ ուղղութիւններ ձեւաւորելու համար։ Միաժամանակ այսպիսի միջոցառումներու կայացումը կը նպաստէ երկրի նկատմամբ միջազգային հետաքրքրութեան մեծացման եւ Հայաստանի՝ համաշխարհային գործընթացներուն մէջ ներգրաւուածութեան ընդլայնման։
Անդրադառնալով հարցումին, թէ յառաջիկայ երկու տարիներուն ի՞նչ նոր հնարաւորութիւններ կրնան բացուիլ Հայաստանի համար, Սիմոնեան նշեց, որ այդ հնարաւորութիւնները արդէն իսկ կը ստեղծուին՝ հաշուի առնելով, որ համաժողովը կը կայանայ Հայաստանի մէջ։
«Այդ հնարաւորութիւնները արդէն բացուած են այն փաստով, որ COP17-ը կը կայանայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այս միջոցառումը կայացնելու հնարաւորութիւնը չըլլար, COP17-ը այսօր հոս պիտի չըլլար»,- ըսաւ ան։
ԱԽ քարտուղարին խօսքով՝ կարեւոր է, որ համաժողովի շրջանակին մէջ ստեղծուած կապերը եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները պահպանուին նաեւ միջոցառման աւարտէն ետք։ Հայաստանի համար յառաջիկայ երկու տարիները կրնան կարեւոր ըլլալ միջազգային գործընկերներու հետ երկխօսութիւնը շարունակելու եւ ձեւաւորուած կապերը զարգացնելու տեսանկիւնէն։