«Տարածքներու փոխանակման վերաբերեալ հասարակութիւնները գոհացնող լուծումը պիտի օգնէ երկու հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման»:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ աւելցնելով, որ ներգաւառ-արտագաւառները, թէկուզ տեխնիկապէս, կը բարդացնեն իրավիճակը։
Ըստ անոր՝ պայմանաւորուածութիւն չկայ, կայ երկու կողմերու պատրաստակամութիւն՝ փորձել հարցը լուծել այնպիսի տարբերակներով, որ երկու ժողովուրդներուն կեանքը չբարդանայ։
«Կայ ըմբռնում, որ սահմանագծման հարցին մէջ որոշ տարածքներու պարագային գուցէ արագացնելու, հերթէն առաջ ձգելու անհրաժեշտութիւն ըլլայ»,-աւելցուց Միրզոյեան։
Այն հատուածներուն մէջ, ուրկէ, օրինակ, ենթակառուցուածքներ պիտի անցնին, պէտք պիտի ըլլայ գործընթացը իրականացնել, որ խնդիրներ չառաջանան։