ՀՀ Կառավարութեան համար կենսաբազմազանութեան պաշտպանութիւնը առանձնայատուկ նիւթ է, եւ մենք յատուկ պատասխանատուութիւն կը զգանք մեր բնութեան նկատմամբ, որովհետեւ պէտք է խոստովանիմ, որ Հայաստանի դժուար օրերուն մեր բնութիւնը մեզ փրկած է, եւ մենք զայն չարաշահելու դժբախտութիւն ունեցած ենք։
Կենսաբազմազանութեան հարցերով առաջնորդներու գագաթաժողովի լիագումար նիստի բացման ելոյթին ընթացքին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
«Վաղ 1990-ականներուն, երբ ՀՀ-ն անկախութիւն ստացաւ, Խորհրդային միութեան տնտեսական համակարգի փլուզումին եւ հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստանի մէջ ուժանիւթային եւ ընկերա-տնտեսական ճգնաժամ սկսաւ։ Երկիրը յայտնուեցաւ շրջափակման մէջ, բաւարար ելեկտրական հոսանք, կազ, նաւթամթերք կամ քարածուխ չկային, եւ մարդիկ իրենց բնակարանները կը տաքցնէին հիմնականօրէն փայտով։
Մայրաքաղաք Երեւանը շատ արագ կերպափոխուեցաւ, եւ բազմաբնակարան շէնքերու պատուհաններէն դուրս եկող հազարաւոր ծխնելոյզներ կարելի էր տեսնել։ Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի անտառներու զանգուածային հատումներ սկսան, որ տնտեսական բնականոն գործունէութեան գրեթէ բացակայութեան պայմաններուն մէջ դարձաւ երկրի շահութաբեր գործերէն մէկը։ Նոյնիսկ մայրաքաղաք Երեւանի փողոցներու եւ զբօսայգիներու ծառերը կը հատուէին, եւ իշխանութիւններուն համար շատ դժուար էր այս երեւոյթներու դէմ պայքարիլը։
Այսպէս Հայաստանի մէջ հատուեցան հազարաւոր հեկտարներու անտառներ եւ կանաչ տարածքներ, լայնօրէն տարածուեցաւ որսագողութիւնը, ինչ որ ծանր հարուած հասցուց մեր բնութեան եւ կենսաբազմազանութեան։ Նման իրավիճակ ստեղծուած էր նաեւ Սեւանայ լիճին մէջ, որ Հարաւային Կովկասի ամենամեծ քաղցրահամ լիճն է եւ կը գտնուի ծովու մակերեսէն շուրջ 1900 մեթր բարձրութեան վրայ եւ ՀՀ-ի ամենամեծ լիճն է։
90-ականներու սկիզբներուն, երբ ներմուծումներու եւ արտադրութիւններու շղթաները ջարդուած էին, եւ ՀՀ-ի մէջ ամէնօրեայ սնունդի խնդիր կար, Սեւանայ լիճի ձկնային պաշարները եկան մեզի փրկութեան։ Առանց չափազանցութեան՝ քանի մը տարի Սեւանի սիկը Հայաստանի բնակչութիւնը սնող հիմնական մթերքը եղած է, սա ալ իր հերթին սպառման եզրին հասցուցած էր Սեւանի ձկնային պաշարները, ուր, սիկէն բացի, կը բնակի նաեւ Սեւանի համար տեղայատուկ բացառիկ ձկնատեսակը՝ Սեւանի իշխանը՝ 4 ենթատեսակներով։
Յարգելի՛ ներկաներ, վերջերս առիթով մը ունեցած իմ ելոյթիս ընթացքին ըսի, որ մենք՝ ՀՀ քաղաքացիներս, Կառավարութիւնը, պետական իշխանութիւնը եւ ՏԻՄ-երը պարտք ունինք վերադարձնելու մեր բնութեան, եւ սա թերեւս կ՚արտայայտէ այն քաղաքականութիւնը, որ մենք կը փորձենք վարել»,- ըսած է ան։