COP 17-ի Երեւանի Մէջ Կայացումը Պիտի Նպաստէ Աշխարհի Մէջ Հայաստանի Ճանաչելիութեան Բարձրացման. Մուշիքիուապօ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիուապօն։ Վարչապետը ողջունած է Մուշիքիուապոյի այցը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը COP 17 համաժողովին։ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ համաժողովը կարեւոր միջոցառում է Հայաստանի համար եւ ՀՀ Կառավարութիւնը մեծ պատասխանատուութեամբ նախապատրաստուած է համաժողովին։ Երկրին ղեկավարը աւելցուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ տեղի կ՚ունենան մեծ փոփոխութիւններ եւ հնարաւորութիւն ստեղծուած է, որպէսզի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հաստատուի երկարատեւ կայուն խաղաղութիւն։ Միաժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը եւ բարձր գնահատած է վերջինիս աջակցութիւնը Հայաստանին։ Լուիզ Մուշիքիուապօն եւս կարեւորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը եւ ընդգծած
հեղինակ՝
15 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիուապօն։

Վարչապետը ողջունած է Մուշիքիուապոյի այցը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը COP 17 համաժողովին։ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ համաժողովը կարեւոր միջոցառում է Հայաստանի համար եւ ՀՀ Կառավարութիւնը մեծ պատասխանատուութեամբ նախապատրաստուած է համաժողովին։ Երկրին ղեկավարը աւելցուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ տեղի կ՚ունենան մեծ փոփոխութիւններ եւ հնարաւորութիւն ստեղծուած է, որպէսզի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հաստատուի երկարատեւ կայուն խաղաղութիւն։ Միաժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան հետ համագործակցութիւնը եւ բարձր գնահատած է վերջինիս աջակցութիւնը Հայաստանին։

Լուիզ Մուշիքիուապօն եւս կարեւորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը եւ ընդգծած է ՖՄԿ-ի հետագայ աջակցութիւնը Հայաստանին։ Ան ողջունած է COP 17-ի կայացումը Երեւանի մէջ եւ վստահութիւն յայտնած, որ ան պիտի նպաստէ աշխարհի մէջ Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացման։ Լուիզ Մուշիքիուապօն միաժամանակ կարեւորած է 2027 թուականին Հայաստանի մէջ Ֆրանքոֆոնի 10-րդ միջազգային մարզամշակութային խաղերու կայացումը, ինչ որ եւս առիթ պիտի ըլլայ տարբեր երկիրներու երիտասարդներուն համար ծանօթանալու Հայաստանին եւ հաստատելու կապեր։

Նախորդ նիւթը

Հայ-թրքական Սահմանը Կրնայ Բացուիլ Աւելի Շուտ, Քան Նոր Բանագնաց Նշանակուի․ Միրզոյեան

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss