Հայ-թրքական Սահմանը Կրնայ Բացուիլ Աւելի Շուտ, Քան Նոր Բանագնաց Նշանակուի․ Միրզոյեան

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը կրնայ բացուիլ աւելի շուտ, քան կողմերը հասցնեն նոր բանագնացներ նշանակել»։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ նախարար Արարատ Միրզոյեան ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Զուիցերիոյ արտաքին յարաբերութիւններու դաշնային վարչութեան ղեկավար Իկնասիօ Քասիսի հետ հանդիպումէն ետք՝ պատասխանելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ նոր բանագնացի նշանակման վերաբերեալ հարցումի մը։ Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայ-թրքական կարգաւորման վերջնական նպատակը յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումն ու սահմանի լիարժէք բացումն է։ «Անկեղծ ըսած, հարցը այն է՝ նոր բանագնացի կարիք կա՞յ, թէ՞ չկայ, որովհետեւ կրնայ պատահիլ, որ սահմանի բացումը տեղի ունենայ աւելի շուտ, քան նոր բանագնացներու թեկնածութիւններու համաձայնեցումը։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը այնքան հասունցած է, որ
հեղինակ՝
15 Հոկտեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը կրնայ բացուիլ աւելի շուտ, քան կողմերը հասցնեն նոր բանագնացներ նշանակել»։

Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳՆ նախարար Արարատ Միրզոյեան ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Զուիցերիոյ արտաքին յարաբերութիւններու դաշնային վարչութեան ղեկավար Իկնասիօ Քասիսի հետ հանդիպումէն ետք՝ պատասխանելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ նոր բանագնացի նշանակման վերաբերեալ հարցումի մը։

Միրզոյեան ընդգծած է, որ հայ-թրքական կարգաւորման վերջնական նպատակը յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումն ու սահմանի լիարժէք բացումն է։

«Անկեղծ ըսած, հարցը այն է՝ նոր բանագնացի կարիք կա՞յ, թէ՞ չկայ, որովհետեւ կրնայ պատահիլ, որ սահմանի բացումը տեղի ունենայ աւելի շուտ, քան նոր բանագնացներու թեկնածութիւններու համաձայնեցումը։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը այնքան հասունցած է, որ որեւէ օր հնարաւոր է հասնիլ վերջնական եւ ամբողջական կարգաւորման։ Հայաստանն ու Թուրքիան գրեթէ ամէնօրեայ շփումներու մէջ են, իսկ բանակցութիւնները կ՚ընթանան շարունակաբար»,- նշած է ան։

Ըստ Միրզոյեանի՝ բանակցութիւնները, որպէս կանոն, քանի դեռ վերջնական պայմանաւորուածութիւն եւ արդիւնք չկան, ամբողջութեամբ չեն ներկայացուիր հանրութեան։ Նախարարին խօսքով՝ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները եւս բացառութիւն չեն։

«Հիմա անհրաժեշտութիւն յառաջացած է շարունակելու, եւ պիտի ըլլայ Հայաստան-Թուրքիա գործարար համաժողով, գուցէ աւելի ընդլայնուած, քան նախորդը, արդէն Հայաստանի մէջ։ Յոյսով եմ՝ այս անգամ եւս փակ սահմանը պիտի բացուի, եւ անկէ պիտի անցնին հայ գործարարները։ Հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին մէջ, թէեւ արդէն կան որոշակի պայմանաւորուածութիւններ եւ գործնական արդիւնքներ, ամբողջական կարգաւորումը տակաւին աւարտած չէ»,- նշած է ան։

Նախորդ նիւթը

Ամուլսարի Հանքին Մէջ Պիտի Աշխատի 1200-1300 Մարդ, Կից Աշխատանքներուն Մէջ` Եւս 4000. Սանոսեան

Յաջորդ նիւթը

COP 17-ի Երեւանի Մէջ Կայացումը Պիտի Նպաստէ Աշխարհի Մէջ Հայաստանի Ճանաչելիութեան Բարձրացման. Մուշիքիուապօ

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss