Ամուլսարի Հանքին Մէջ Պիտի Աշխատի 1200-1300 Մարդ, Կից Աշխատանքներուն Մէջ` Եւս 4000. Սանոսեան

«Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան մէջ Կառավարութեան ներկայացուցիչ Գնէլ Սանոսեան խօսած է Ամուլսարի հանքի շահագործման բերումով աշխատատեղերու թիւի աւելացման մասին։ «Այնտեղ պիտի աշխատի մօտ 1200-1300 մարդ, բայց հանքերու պարագային կը հաշուեն, որ իւրաքանչիւր մէկ աշխատակիցի համար եւս 4-5 աշխատակից այլ կազմակերպութիւններու մէջ, այլ ոլորտներու մէջ կ՚աշխատի, այսինքն խօսքը առնուազն եւս 4000 մարդու մասին է։ Անոր ազդեցութիւնը պիտի տարածուի, այդքան մարդ տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, տարբեր աշխատանքներ պիտի կատարեն, տարբեր ծառայութիւններ պիտի մատուցեն, մէկ մասը ուղղակի ներգրաւուած պիտի ըլլայ, մէկ մասը՝ ածանցեալ ծառայութիւններ պիտի մատուցէ»,- ըսած է Սանոսեան։
հեղինակ՝
14 Հոկտեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան մէջ Կառավարութեան ներկայացուցիչ Գնէլ Սանոսեան խօսած է Ամուլսարի հանքի շահագործման բերումով աշխատատեղերու թիւի աւելացման մասին։

«Այնտեղ պիտի աշխատի մօտ 1200-1300 մարդ, բայց հանքերու պարագային կը հաշուեն, որ իւրաքանչիւր մէկ աշխատակիցի համար եւս 4-5 աշխատակից այլ կազմակերպութիւններու մէջ, այլ ոլորտներու մէջ կ՚աշխատի, այսինքն խօսքը առնուազն եւս 4000 մարդու մասին է։

Անոր ազդեցութիւնը պիտի տարածուի, այդքան մարդ տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, տարբեր աշխատանքներ պիտի կատարեն, տարբեր ծառայութիւններ պիտի մատուցեն, մէկ մասը ուղղակի ներգրաւուած պիտի ըլլայ, մէկ մասը՝ ածանցեալ ծառայութիւններ պիտի մատուցէ»,- ըսած է Սանոսեան։

Նախորդ նիւթը

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Պէտք Է Իրականացնեն Համապատասխան Ճշգրիտ Չափերու Տարածքներու Փոխանակում. Փաշինեան

Յաջորդ նիւթը

Հայ-թրքական Սահմանը Կրնայ Բացուիլ Աւելի Շուտ, Քան Նոր Բանագնաց Նշանակուի․ Միրզոյեան

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss