Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է իր պատկերացումը, թէ ինչպիսի տեսք պէտք է ունենայ խաղաղութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն եւ վաւերացումէն ետք։
Փաշինեան այս մասին խօսած է Ֆէյսպուքի իր էջով հրապարակած տեսանիւթին մէջ։
«Ինչպիսի տեսք պէտք է ունենայ խաղաղութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն եւ վաւերացումէն ետք։ Հայաստանը պէտք է ունենայ 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր տարածք։ Սահմաններու սահմանազատումը եւ սահմանագծումը Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ պէտք է տեղի ունենայ այս տրամաբանութեամբ։ Ներգաւառ-արտագաւառներու խնդիրը պէտք է լուծուի հետեւեալ բանաձեւով՝ սահմանին այս եւ այն կողմը ներգաւառներ եւ արտագաւառներ պէտք չէ ըլլան, այսինքն՝ երկու երկիրները՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը, համապատասխան ճշգրիտ չափերու տարածքներու փոխանակում պէտք է իրականացնեն։
Բոլոր ճանապարհները եւ հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է բաց ըլլան ԹՐԻՓՓ նախագիծի շրջանակին մէջ, բայց ոչ միայն ԹՐԻՓՓ նախագիծի շրջանակին մէջ։ Բոլոր հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է աշխատին, բաց ըլլան, այդ թիւին մէջ՝ Հայաստանէն Հայաստան Ատրպէյճանի տարածքով եւ Ատրպէյճանէն Ատրպէյճան Հայաստանի տարածքով աշխատելու եւ հաղորդակցութիւնն ապահովելու տրամաբանութեամբ»,- ըսած է վարչապետը։
Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը իրարու որեւէ պահանջ պէտք չէ ներկայացնեն եւ հանգիստ պէտք է թողեն զիրար բոլոր հարցերուն մէջ՝ ներառեալ Ղարաբաղ, Գարդման, Շիրուան, Նախիջեւան տրամաբանութեամբ կամ արեւմտեան Ատրպէյճան տրամաբանութեամբ։
«Հիմա յաջորդ եւ, թերեւս, ամենակարեւոր հարցը՝ արդեօք կա՞յ իրական հնարաւորութիւն խաղաղութեան այսպիսի տեսք տալու։ Թուրքմենիստանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահին հետ ունեցած շփումներու բերումով ես ունիմ նախնական տպաւորութիւն, որ մենք խաղաղութեան նման տեսք տալու հնարաւորութիւն ունինք, եւ մենք յառաջիկային զբաղուած պիտի ըլլանք այդ հնարաւորութիւնը իրագործելով, այդ հնարաւորութիւնը իրականութիւն դարձնելով»,- ըսած է Փաշինեան։