ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Թուրքիոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ

Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 3 մայիսին պիտի մեկնի Թուրքիա։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է Ազգային Ժողովի նախագահի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեանը։ Խաչատրեանը նշած է, որ Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն Անգարայի մէջ պիտի մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրման 30-ամեակին նուիրուած անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին եւ Գլխաւոր վեհաժողովի լիագումար նիստի աշխատանքներուն: «Ալեն Սիմոնեանը ելոյթ է ունենալու խորհրդարանների ղեկավարների գագաթնաժողովի ժամանակ»,- ըսած է Խաչատրեանը։ Հարցը՝ Ալեն Սիմոնեանը կառավարական ինքնաթիռո՞վ պիտի մեկնի Թուրքիա, թէ՝ ոչ, Խաչատրեանը չէ մեկնաբանած:
3 Մայիսի 2023
2 ր. ընթերցում
ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Թուրքիոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ

Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 3 մայիսին պիտի մեկնի Թուրքիա։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է Ազգային Ժողովի նախագահի խօսնակ Ծովինար Խաչատրեանը։

Խաչատրեանը նշած է, որ Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն Անգարայի մէջ պիտի մասնակցի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրման 30-ամեակին նուիրուած անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին եւ Գլխաւոր վեհաժողովի լիագումար նիստի աշխատանքներուն:

«Ալեն Սիմոնեանը ելոյթ է ունենալու խորհրդարանների ղեկավարների գագաթնաժողովի ժամանակ»,- ըսած է Խաչատրեանը։

Հարցը՝ Ալեն Սիմոնեանը կառավարական ինքնաթիռո՞վ պիտի մեկնի Թուրքիա, թէ՝ ոչ, Խաչատրեանը չէ մեկնաբանած:

Ըստ Մոսկուայի՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններուն այլընտրանք չկայ
Նախորդ նիւթը

Ըստ Մոսկուայի՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններուն այլընտրանք չկայ

Մեր եկեղեցականները Դադիվանքի մէջ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը․ Մայր Աթոռ
Յաջորդ նիւթը

Մեր եկեղեցականները Դադիվանքի մէջ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը․ Մայր Աթոռ

ԱնցնիլՎեր