ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը վերադարձած է աշխատանքի

armtimes.com-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանն այս պահուն կը հանդիպի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամներուն հետ:  Միրզոյեանը երէկուընէ վերադարձած է աշխատանքի եւ խմբակցութեան հետ այսօրուան հանդիպումը աշխատանքային գործընթացի վերադառնալու ծիրէն ներս է: Եկող շաբաթ ԱԺ-ի մէջ նախատեսուած է հերթական քառօրեան:  Յիշեցնենք, որ Միրզոյեանը դաժան ծեծի ենթարկուած էր 10 նոյեմբերի գիշերը՝ Արցախի մէջ պատերազմը դադրեցնելու մասին եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման մասին յայտնի դառնալէն ետք: ԱԺ նախագահին իր մեքենայէն դուրս բերած եւ ծեծած էին Երեւանի մէջ սկսած անկարգութիւններու մասնակիցները: Դէպքէն ետք ԱԺ նախագահը քանի մը անգամ վիրահատուեցաւ: 
1 Դեկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը վերադարձած է աշխատանքի

armtimes.com-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանն այս պահուն կը հանդիպի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամներուն հետ: 

Միրզոյեանը երէկուընէ վերադարձած է աշխատանքի եւ խմբակցութեան հետ այսօրուան հանդիպումը աշխատանքային գործընթացի վերադառնալու ծիրէն ներս է: Եկող շաբաթ ԱԺ-ի մէջ նախատեսուած է հերթական քառօրեան: 

Յիշեցնենք, որ Միրզոյեանը դաժան ծեծի ենթարկուած էր 10 նոյեմբերի գիշերը՝ Արցախի մէջ պատերազմը դադրեցնելու մասին եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման մասին յայտնի դառնալէն ետք: ԱԺ նախագահին իր մեքենայէն դուրս բերած եւ ծեծած էին Երեւանի մէջ սկսած անկարգութիւններու մասնակիցները:

Դէպքէն ետք ԱԺ նախագահը քանի մը անգամ վիրահատուեցաւ: 

Կայացած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի հեռախօսազրոյցը
Նախորդ նիւթը

Կայացած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի հեռախօսազրոյցը

«Փաշինեանը ըսաւ՝ այդ 5 շրջանները անհասանելի են մեզի». Անհետ կորածներու ծնողները բողոքի ցոյց՝ զօրամասի դիմաց
Յաջորդ նիւթը

«Փաշինեանը ըսաւ՝ այդ 5 շրջանները անհասանելի են մեզի». Անհետ կորածներու ծնողները բողոքի ցոյց՝ զօրամասի դիմաց

ԱնցնիլՎեր