«Եթէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները հանդիպում կազմակերպեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ, ես առարկութիւն չեմ ունենար», — France 24 -ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը։
«Ես պատրաստ եմ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու մէջ ներգրաւուիլ, սակայն Հայաստանի ղեկավարները առայժմ համարժէքօրէն չեն արձագանգեր անոր», — նշած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Ֆրանսական հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ Ատրպէյճանի նախագահը անգամ մը եւս նշած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը վերջնականապէս լուծուած է։ Ալիեւ հերքած է պնդումները, թէ Ատրպէյճանը տարածքային պահանջներ ունի Հայաստանէն։