Այսօրուայ փոխհրաձգութեան հետեւանքով զոհուած է ժամկէտային զինծառայող Վահէ Մանասէրեանը. կայ ութ վիրաւոր

10 Դեկտեմբերին, ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ, Գեղարքունիքի մարզ, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումներու ձեռնարկած նախայարձակ գործողութիւնները դիմակայելու ընթացքին զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային՝ Վահէ Վաղարշակի Մանասէրեան (2002-ի ծնունդ)։ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։ Նաեւ ութ զինծառայող վիրաւոր է։ Վեց զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր, իսկ միւս երկուքինը, համապատասխանաբար, միջին եւ թեթեւ։
10 Դեկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Այսօրուայ փոխհրաձգութեան հետեւանքով զոհուած է ժամկէտային զինծառայող Վահէ Մանասէրեանը. կայ ութ վիրաւոր

10 Դեկտեմբերին, ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ, Գեղարքունիքի մարզ, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումներու ձեռնարկած նախայարձակ գործողութիւնները դիմակայելու ընթացքին զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային՝ Վահէ Վաղարշակի Մանասէրեան (2002-ի ծնունդ)։ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Նաեւ ութ զինծառայող վիրաւոր է։ Վեց զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր, իսկ միւս երկուքինը, համապատասխանաբար, միջին եւ թեթեւ։

Տիարպեքիրի հայկական եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք յանձնուած է տեղի համալսարանի տնօրինութեան
Նախորդ նիւթը

Տիարպեքիրի հայկական եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք յանձնուած է տեղի համալսարանի տնօրինութեան

Մոսկուայի մէջ կայացած է «3+2» ձեւաչափի առաջին նիստը՝ փոխ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով
Յաջորդ նիւթը

Մոսկուայի մէջ կայացած է «3+2» ձեւաչափի առաջին նիստը՝ փոխ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով

ԱնցնիլՎեր