Այսօր քարոզարշաւի վերջին օրն է. վաղը քաղաքական ուժերը պէտք է լռութիւն պահպանեն

Այսօր՝ 20 Յունիսը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի վերջին՝ 11-րդ օրն է: Վաղը լռութեան օր է, որու ընթացքին քարոզարշաւը կ’արգիլուէ:  Քաղաքական ուժերը այսօր վերջին հնարաւորութիւնն ունին ներկայանալու ընտրողներուն: Երեւանի մէջ այսօր բազմաթիւ արշաւներ նախատեսուած են: Ամենամեծ միջոցառումը Հայաստան դաշինքի հանրահաւաքն է, որ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ:  Այսօր ընտրողներու հետ հանդիպումներ ունին նաեւ այլ քաղաքական ուժեր, սակայն մեծ մասը որոշած են քարոզարշաւն ամփոփել ասուլիսային ձեւաչափով: Կը սպասուի, որ այսօր ընտրողներու հետ ուղիղ միացմամբ շփուի ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանը:  Յիշեցնենք, ընտրութիւններուն կը մասնակցի 25 ուժ, այդ շարքին 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք:
18 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Այսօր քարոզարշաւի վերջին օրն է. վաղը քաղաքական ուժերը պէտք է լռութիւն պահպանեն

Այսօր՝ 20 Յունիսը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի վերջին՝ 11-րդ օրն է: Վաղը լռութեան օր է, որու ընթացքին քարոզարշաւը կ’արգիլուէ: 

Քաղաքական ուժերը այսօր վերջին հնարաւորութիւնն ունին ներկայանալու ընտրողներուն: Երեւանի մէջ այսօր բազմաթիւ արշաւներ նախատեսուած են: Ամենամեծ միջոցառումը Հայաստան դաշինքի հանրահաւաքն է, որ երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ: 

Այսօր ընտրողներու հետ հանդիպումներ ունին նաեւ այլ քաղաքական ուժեր, սակայն մեծ մասը որոշած են քարոզարշաւն ամփոփել ասուլիսային ձեւաչափով:

Կը սպասուի, որ այսօր ընտրողներու հետ ուղիղ միացմամբ շփուի ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանը: 

Յիշեցնենք, ընտրութիւններուն կը մասնակցի 25 ուժ, այդ շարքին 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք:

«Հասած է ՀՀ քաղաքացիի ճշմարտութեան պահը․․․ ընտրակաշառք բաժնողները կը ձերբակալուին եւ կը կալանաւորուին». Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

«Հասած է ՀՀ քաղաքացիի ճշմարտութեան պահը․․․ ընտրակաշառք բաժնողները կը ձերբակալուին եւ կը կալանաւորուին». Փաշինեան

Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է Սամուէլ Կարապետեանի ու Արա Աբրահամեանի նկատմամբ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է Սամուէլ Կարապետեանի ու Արա Աբրահամեանի նկատմամբ

ԱնցնիլՎեր