Այսօր 27 Հոկտեմբերի ահաբեկչութեան 20-րդ տարելիցն է

Այսօր կը լրանայ 27 հոկտեմբերի ահաբեկչութեան 20 տարին: 1999-ին այս օրը Ազգային ժողովի հերթական նիստի ժամանակ Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ նիստերու դահլիճ ներխուժեցին զինուած անձինք եւ կրակ բացին: Անոնց կրակոցներէն սպանուեցան ԱԺ նախագահ Կարէն Տէմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներ Ռուբէն Միրոյեանն ու Եուրի Պախշեանը, նախարար Լեոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը: Յետագային Նայիրի Յունանեանը ցուցմունք տուաւ եւ յայտարարեց, թէ ինք պետական մակարդակով ահաբեկչական ծրագիրներ ունեցած է 1991 թուականին, բայց հանգամանքներու բերումով չէ կրցած իրագործել: 27 Հոկտեմբերի գործով դատավճիռը հրապարակուած է 2003 թուականին: Դատարանի վճիռով ամբաստանեալներէն 6-ը դատապարտուեցան ցմահ, մէկը՝ 14 տարուան ազատազրկման: Հակառակ զինեալներու ձեռբակալման
27 Հոկտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Այսօր 27 Հոկտեմբերի ահաբեկչութեան 20-րդ տարելիցն է

Այսօր կը լրանայ 27 հոկտեմբերի ահաբեկչութեան 20 տարին: 1999-ին այս օրը Ազգային ժողովի հերթական նիստի ժամանակ Նայիրի Յունանեանի գլխաւորութեամբ նիստերու դահլիճ ներխուժեցին զինուած անձինք եւ կրակ բացին: Անոնց կրակոցներէն սպանուեցան ԱԺ նախագահ Կարէն Տէմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներ Ռուբէն Միրոյեանն ու Եուրի Պախշեանը, նախարար Լեոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը:

Յետագային Նայիրի Յունանեանը ցուցմունք տուաւ եւ յայտարարեց, թէ ինք պետական մակարդակով ահաբեկչական ծրագիրներ ունեցած է 1991 թուականին, բայց հանգամանքներու բերումով չէ կրցած իրագործել: 27 Հոկտեմբերի գործով դատավճիռը հրապարակուած է 2003 թուականին: Դատարանի վճիռով ամբաստանեալներէն 6-ը դատապարտուեցան ցմահ, մէկը՝ 14 տարուան ազատազրկման:

Հակառակ զինեալներու ձեռբակալման եւ անոնց  դէմ  արձակուած  դատական վճիռներուն 27 հոկտեմբերի գործը տակաւին ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած:

Նորանակախ  Հայաստանի եւ հայ  ժողովուրդի արդի պատմութեան  մէջ  ցնցիչ դէպք հանդիսացող այդ  սպաննութիւնը ցայսօր ալ  կը շարունակէ  «ծանր բեռ» մնալ ամբողջ  հայութեան ուսերուն:

Այդ   սպանդով  կը գլխատուէր մեր օրերու  հայութեան առաջնորդող    միտքն  ու  մարտական  ոգին եւ  այդ մասին  կը վկայեն այդ  օրերուն  հանրային գործունէութիւն տարած Հայաստանի եւ սփիւռքի  գործիչներէն  շատ շատերը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ
Նախորդ նիւթը

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դրուի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը Եռաբլուր այցելեց (Լուսանկարներ)
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը Եռաբլուր այցելեց (Լուսանկարներ)

ԱնցնիլՎեր