Անկեղծութիւնը երկուստեք էր, կամքն ու վճռականութիւնը՝ նոյնպէս. Մայիլեանի եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի հանդիպումը նորագիւղցիներու հետ

2 Մարտ 2020-ին, Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները հանդիպած են Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքի բնակչութեան հետ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Մասիս Մայիլեանի աջակիցներու ֆէյսպուքեան էջէն: Յատկանշական է, որ Նորագիւղի բնակիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են մեծ թիւով թեկնածուներու եւ կուսակցութիւններու առիթով: Անոնք դժգոհած են, որ մինչ այսօր ոչ մէկ պատգամաւոր այցելած է համայնք եւ հետաքրքուած բնակչութեան վիճակով ու պահանջներով: Նորագիւղի բնակիչները բարձր գնահատած են Մասիս Մայիլեանի ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամներու անկեղծութիւնը եւ փոխադարձ անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ քննարկուած են ամենահրատապ հարցերը։  
4 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Անկեղծութիւնը երկուստեք էր, կամքն ու վճռականութիւնը՝ նոյնպէս. Մայիլեանի եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի հանդիպումը նորագիւղցիներու հետ

2 Մարտ 2020-ին, Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները հանդիպած են Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքի բնակչութեան հետ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Մասիս Մայիլեանի աջակիցներու ֆէյսպուքեան էջէն:

Յատկանշական է, որ Նորագիւղի բնակիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են մեծ թիւով թեկնածուներու եւ կուսակցութիւններու առիթով: Անոնք դժգոհած են, որ մինչ այսօր ոչ մէկ պատգամաւոր այցելած է համայնք եւ հետաքրքուած բնակչութեան վիճակով ու պահանջներով:

Նորագիւղի բնակիչները բարձր գնահատած են Մասիս Մայիլեանի ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամներու անկեղծութիւնը եւ փոխադարձ անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ քննարկուած են ամենահրատապ հարցերը։

 

Մեր բոլոր ծրագրերուն հիմքը մարդն է. Մասիս Մայիլեան եւ «Նոր Արցախ»ը քարոզարշաւը կը շարունակեն Մարտունիի մէջ
Նախորդ նիւթը

Մեր բոլոր ծրագրերուն հիմքը մարդն է. Մասիս Մայիլեան եւ «Նոր Արցախ»ը քարոզարշաւը կը շարունակեն Մարտունիի մէջ

Միլանոյէն Երեւան եկած մէկ ուղեւոր հիւանդանոց տեղափոխուած է. Իսկ նոր վարակակիրներ չկան
Յաջորդ նիւթը

Միլանոյէն Երեւան եկած մէկ ուղեւոր հիւանդանոց տեղափոխուած է. Իսկ նոր վարակակիրներ չկան

ԱնցնիլՎեր