Անվտանգութեան խորհուրդը Օնիկ Գասպարեանի զեկոյցէն գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր հրապարակած է

Ի պատասխան Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ՝ Օննիկ Գասպարեանի 2020 թուականի Նոյեմբեր 17-ի յայտարարութեան, Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը որոշ պնդումներու վերաբերեալ պարզաբանում ներկայացուցած է եւ հրապարակած վերջինիս առնչուող գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր: Ըստ այդմ՝ նշելով, որ դեռ Նոյեմբերին Օննիկ Գասպարեան յայտարարած էր, թէ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին նշանակուած է 2020-ի Յունիս 8-ին, եւ արդէն Յունիս 12-ին Հայաստանի վարչապետին, իսկ քանի մը օր անց նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուցած է տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերլուծութիւնը եւ զինուժի կարողութիւնները, ԱԽ գրասենեակը այսօր՝ Ապրիլ 15-ին յայտնած է, որ Գասպարեանի նշանակման յաջորդած ԱԽ-ի՝ Յունիս 19-ի նիստին Օննիկ Գասպարեան զեկուցողներու ցանկին վրայ չէ եղած (նիստին երկու զեկուցող
16 Ապրիլի 2021
8 ր. ընթերցում
Անվտանգութեան խորհուրդը Օնիկ Գասպարեանի զեկոյցէն գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր հրապարակած է

Ի պատասխան Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի նախկին պետ՝ Օննիկ Գասպարեանի 2020 թուականի Նոյեմբեր 17-ի յայտարարութեան, Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը որոշ պնդումներու վերաբերեալ պարզաբանում ներկայացուցած է եւ հրապարակած վերջինիս առնչուող գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր:

Ըստ այդմ՝ նշելով, որ դեռ Նոյեմբերին Օննիկ Գասպարեան յայտարարած էր, թէ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին նշանակուած է 2020-ի Յունիս 8-ին, եւ արդէն Յունիս 12-ին Հայաստանի վարչապետին, իսկ քանի մը օր անց նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացուցած է տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերլուծութիւնը եւ զինուժի կարողութիւնները, ԱԽ գրասենեակը այսօր՝ Ապրիլ 15-ին յայտնած է, որ Գասպարեանի նշանակման յաջորդած ԱԽ-ի՝ Յունիս 19-ի նիստին Օննիկ Գասպարեան զեկուցողներու ցանկին վրայ չէ եղած (նիստին երկու զեկուցող եղած է)։

Անդրադառնալով Օննիկ Գասպարեանի Նոյեմբեր 17-ի յայտարարութեան՝ պատերազմի 4-րդ օրը զայն կանգնեցնելու անհրաժեշտութեան մասին, ԱԽ գրասենեակը ներկայացուցած է Անվտանգութեան խորհուրդի 2020-ի Սեպտեմբեր 30-ի նիստին Գասպարեանի զեկոյցէն արձանագրուած որոշ հատուածներ․ – «Պարոն վարչապետ, ըստ էութեան, իրադրութիւնը մարտավարական առումով անփոփոխ է, այսինքն որեւէ առաջընթաց հակառակորդը չի ունեցել … » աւելցնելով. « … Ամէն դէպքում զօրքերը իրենց խնդիրը կատարում են, առաւօտեան մի հատ փոքր հակահարուած ձեռնարկեցինք Ջաբրայիլի ուղղութեամբ, յաջողութիւններ ունեցանք … », եզրափակելով իր ելոյթը՝ վերջինս նշած է. – «Սա է իրավիճակը, շարունակում ենք մեր խնդիրը կատարել ու մինչեւ վերջ շարունակելու ենք կատարել»:

Սոյն պարզաբանման համաթեքսթով, ԱԽ գրասենեակը ներկայացուցած է նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի 2020-ի Օգոստոս 21-ի նիստի արձանագրութիւնը, ուր Օննիկ Գասպարեան մասնաւորապէս կ’ըսէ. « … Արեւելեան գործողութեան ուղղութիւնում ….. եւ հիւսիս-արեւելեան գործողութեան ուղղութիւնում մենք կարողանում ենք առկայ ուժերով ու միջոցներով «ոչ մի քայլ յետ» սկզբունքով յետ մղել, ձախողել հակառակորդի յարձակումը եւ ջախջախել նրա խմբաւորումները, … » աւելցնելով, որ՝ « … Խնդիրների զգալի մասի լուծումը տեսնում եմ աշխարհազօրի ստեղծման ու կայացման շրջանակներում … »:

«Սա արտայայտում է պարոն Գասպարեանի դիրքորոշումը ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ եւ առաւել ամբողջական է դարձնում վերջինիս մօտեցումներն այս հարցում տուեալ պահի դրութեամբ», – ըսուած է ԱԽ այսօրուայ յայտարարութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Գասպարեան Նոյեմբեր 17-ին յայտարարած էր, որ պատերազմի 4-րդ օրը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ներկայացուցած է հայկական կողմի կորուստները եւ ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ Զինուած ուժերու գնահատականը եւ առաջարկած երկու-երեք օրուայ ընթացքին անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել պատերազմը կանգնեցնելու համար։

Հաղորդագրութիւն. Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւնները Կը Վերահաստատեն Հայկական Պահանջատիրութեան Անժամանցելիութիւնը
Նախորդ նիւթը

Հաղորդագրութիւն. Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւնները Կը Վերահաստատեն Հայկական Պահանջատիրութեան Անժամանցելիութիւնը

Արցախի Ջրականի շրջանին մէջ ականապայթիւնային վիրաւորում ստացած է ԱԻՊԾ խումբի հրամանատարը
Յաջորդ նիւթը

Արցախի Ջրականի շրջանին մէջ ականապայթիւնային վիրաւորում ստացած է ԱԻՊԾ խումբի հրամանատարը

ԱնցնիլՎեր