Ան ծնաւ, որ Լոյս ըլլայ. Այսօր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ

Այսօր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ: Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երկուքի՝ Սուրբ Ծնունդի եւ Սուրբ Զատիկի նախորդ օրերը կը կոչուին ճրագալոյց: «Ճրագալոյց» անունը ծագած է «ճրագ լուցանել» արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ ճրագ վառել, մոմ վառել: Հայ եկեղեցին տարուայ մէջ երկու անգամ երեկոյեան Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատիկի ճրագալոյցներուն: Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի՝ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի երկու անգամ՝ 5 յունուարի երեկոյան՝ ճրագալոյցի, եւ 6 յունուարի առաւօտեան՝ տէրունական, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը կէսգիշերին եղաւ, իսկ Մկրտութիւնը՝ կէսօրին, ըստ այսմ՝ ճրագալոյցի Պատարագը Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդով է, իսկ առաւօտեանը՝ Մկրտութեան: Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն՝ նոր օրը կը սկսի տուեալ
5 Հունվարի 2023
6 ր. ընթերցում
Ան ծնաւ, որ Լոյս ըլլայ. Այսօր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ

Այսօր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ:

Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երկուքի՝ Սուրբ Ծնունդի եւ Սուրբ Զատիկի նախորդ օրերը կը կոչուին ճրագալոյց: «Ճրագալոյց» անունը ծագած է «ճրագ լուցանել» արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ ճրագ վառել, մոմ վառել: Հայ եկեղեցին տարուայ մէջ երկու անգամ երեկոյեան Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատիկի ճրագալոյցներուն:

Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի՝ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի երկու անգամ՝ 5 յունուարի երեկոյան՝ ճրագալոյցի, եւ 6 յունուարի առաւօտեան՝ տէրունական, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը կէսգիշերին եղաւ, իսկ Մկրտութիւնը՝ կէսօրին, ըստ այսմ՝ ճրագալոյցի Պատարագը Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդով է, իսկ առաւօտեանը՝ Մկրտութեան:

Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն՝ նոր օրը կը սկսի տուեալ օրուան երեկոյէն (ժամը 18.00-էն): Այս պատճառով, տաղաւար տօներէն Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատիկին նախորդող օրերու երեկոյեան՝ ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի ընթացքին, եկեղեցին կ’աւետէ բարի լուրերը՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ», «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:

Սուրբ Ծննդեան նախորդ օրը՝ 5 յունուարին, Հայ եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի ճրագալոյցի հանդիսաւոր արարողութիւն: Յատուկ արարողակարգով կը վառուին տաճարի ջահերն ու կանթեղները: 

Աւարտէն ետք կը կատարուի յաջորդ օրուան տօնի նախատօնակը, որով սկիզբ կը դրուի Սուրբ Ծննդեան տօնի յիշատակը: Այն Սուրբ Ծննդեան տօնի նախապատրաստութիւնն է: 

Ճրագալոյցի Պատարագի աւարտին հաւատացեալները եկեղեցւոյ կանթեղներէն մոմ կամ ճրագ կը վառեն եւ կը տանին իրենց տուները լուսաւորելու: Այն կը խորհրդանշէ Աստուածային լոյսը, եկեղեցւոյ օրհնութիւնը, Բեթղեհեմեան աստղը: Հնաւանդ ժողովրդական սովորութեան համաձայն՝ ճրագալոյցի երեկոյեան մարդիկ կ’այցելեն զիրար՝ տօնի աւետիսը փոխանցելու:

Ճրագալոյցի երեկոն կը կոչուի նաեւ խթում, այն ուտիքի նախատօնակն է: Նախընտրելի է այդ օրուայ ընթրիքը պատրաստուած ըլլայ ձկնեղէնէ, կաթնեղէնէ ու բանջարեղէնէ եւ առանց միսի:

Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագէն ետք մինչեւ 13 յունուար կը կատարուի նաեւ Սուրբ Ծննդեան տնօրհնէք:

«Ժամանակն է, որ նախագահ Պայտըն ուղղակի ճնշում գործադրէ Ալիեւի ռեժիմին վրայ». Սերժ Թանքեան
Նախորդ նիւթը

«Ժամանակն է, որ նախագահ Պայտըն ուղղակի ճնշում գործադրէ Ալիեւի ռեժիմին վրայ». Սերժ Թանքեան

Արցախի պատգամաւորները Փութինին, Պայտընին եւ Մաքրոնին կոչ ըրած են օգնելու Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հարցով
Յաջորդ նիւթը

Արցախի պատգամաւորները Փութինին, Պայտընին եւ Մաքրոնին կոչ ըրած են օգնելու Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հարցով

ԱնցնիլՎեր