Առցանց Ամառային Դպրոց՝ Կազմակերպուած Ռուս-Հայկական Համալսարանին Կողմէ

ԱՌՑԱՆՑ ԱՄԱՌԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ. ԿԱՌՈՒՑԱԶԱՆՔ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅ   ՀՐԱՎԷՐ՝ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ Երեւան, Հայաստան 27 Յուլիս – 12 Օգոստոս 2020   ԴԻՄՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԵՏԸ՝ 19 ՅՈՒԼԻՍ 2020։  «Հայաստան եւ Աշխարհը. Կառուցազանք Կայուն Ապագայ» եռշաբաթեայ ամառային դպրոց մըն է, որ մասնակիցները կը ծանօթացնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական կողմերուն։ Ամառային դպրոցը առաջին ձեռքէ տեղեկութիւն եւ գիտելիք պիտի տայ քաղաքականութիւն մշակողներէն, փորձագէտներէն եւ ակադեմիկոսներէն՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մշակման ընթացքին եւ հիմնաւորման մասին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի ռազմավարական միջավայրին մասին։ Ծրագիրը նպատակ ունի խորացնել Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն նուիրուածութեան ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ անոր ներգրաւուածութիւնը Սփիւռքին եւ Արցախի Հանրապետութեան հետ։   Թեմաներ եւ Բանախօսներ․ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 27
30 Հունիսի 2020
17 ր. ընթերցում
Online Summer School Organized By Russian-Armenian University

ԱՌՑԱՆՑ ԱՄԱՌԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ. ԿԱՌՈՒՑԱԶԱՆՔ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅ

 

ՀՐԱՎԷՐ՝ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ

Երեւան, Հայաստան

27 Յուլիս – 12 Օգոստոս 2020

 

ԴԻՄՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԵՏԸ՝ 19 ՅՈՒԼԻՍ 2020։ 

«Հայաստան եւ Աշխարհը. Կառուցազանք Կայուն Ապագայ» եռշաբաթեայ ամառային դպրոց մըն է, որ մասնակիցները կը ծանօթացնէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական կողմերուն։

Ամառային դպրոցը առաջին ձեռքէ տեղեկութիւն եւ գիտելիք պիտի տայ քաղաքականութիւն մշակողներէն, փորձագէտներէն եւ ակադեմիկոսներէն՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մշակման ընթացքին եւ հիմնաւորման մասին, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի ռազմավարական միջավայրին մասին։ Ծրագիրը նպատակ ունի խորացնել Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն նուիրուածութեան ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ անոր ներգրաւուածութիւնը Սփիւռքին եւ Արցախի Հանրապետութեան հետ։

 

Թեմաներ եւ Բանախօսներ․

  1. ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 27 ՅՈՒԼԻՍ․
  • Բացման խօսք – Արմէն Տարպինեան (Ռուս-Հայկական Համալսարանի ռեկտոր)
  • Հայաստանը Համաշխարհային Գործերուն Մէջ (բանախօսը՝ յետոյ կը յայտարարուի)
  1. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 28 ՅՈՒԼԻՍ․
  • Ներածութիւն Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան. Ռազմավարութիւններ եւ Առաջնահերթութիւններ (բանախօսը՝ յետոյ կը յայտարարուի)
  • Ո՞վ կրնայ առաջնորդել յաջորդ համաշխարհային գերիշխանութիւնը. Ամերիկայի, Չինաստանի, Եւրոպայի, Ռուսաստանի շանսերուն համեմատութիւնը – Ճորճի Տէրլուկեան (Հասարակական Հետազօտութեան եւ Հանրային Քաղաքականութեան փրոֆէսոր՝ Նիւ Եորքի Համալսարանին մէջ, Ապու Տապի)
  1. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 29 ՅՈՒԼԻՍ․
  • Ձգձգուած հակամարտութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ. Արցախ-Ղարաբաղ հակամարտութիւնը եւ արդի Ատրպէյճան – Դաւիթ Պապայեան (Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական)
  1. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 30 ՅՈՒԼԻՍ․
  • Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ. Անցեալը, Ներկան եւ Հեռանկարները – Ռուբէն Գարապետեան (Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական)
  1. ՈՒՐԲԱԹ, 31 ՅՈՒԼԻՍ․
  • Թուրքիան տարածաշրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեան մէջ. Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները – Վահրամ Թէր-Մաթէոսեան (Քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի դոցենտ եւ ատենապետ՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան)
  1. ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 3 ՕԳՈՍՏՈՍ․
  • Իրանը, Հայաստանը եւ Հարաւային Կովկասը (Գառնիկ Ասատրեան, Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն՝ Ռուս-Հայկական Համալսարան)
  1. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 4 ՕԳՈՍՏՈՍ․
  • Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքականութիւնը. Հասկնալ արդի Վրաստանը – Ճոննի Մելիքեան (Օրպելի Կեդրոնի փորձագէտ)
  1. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 5 ՕԳՈՍՏՈՍ․
  • Համաշխարհային Ուժերը եւ Հայաստանը. Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ – Ռուբէն Էլամիրեան (Համաշխարհային քաղաքականութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի ատենապետ՝ Ռուս-Հայկական Համալսարան)
  1. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 6 ՕԳՈՍՏՈՍ․
  • Համաշխարհային Ուժերը եւ Հայաստանը. ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն քարտէսը – Էտուարտ Աբրահամեան (Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական)
  1. ՈՒՐԲԱԹ, 7 ՕԳՈՍՏՈՍ․
  • Համաշխարհային Ուժերը եւ Հայաստանը. ԵՄ-ն Հարաւային Կովկասի մէջ – Մանէ Ադամեան (Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետի խորհրդական)
  1. ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 10 ՕԳՈՍՏՈՍ․
  • Համաշխարհային Ուժերը եւ Հայաստանը. Չինաստանը, «Գօտի եւ Ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը եւ Հարաւային Կովկասը – Մհեր Սահակեան («Չինաստան-Եւրասիա» քաղաքական եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու խորհուրդի հիմնադիր եւ կառավարիչ տնօրէն)
  1. ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 11 ՕԳՈՍՏՈՍ․
  • Հայաստան եւ Սփիւռք. Դէպի կայուն, ապահով եւ ռազմավարական յարաբերութիւններ – Զարեհ Սինանեան (Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գրասենեակի գերագոյն յանձնակատար)
  1. ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 12 ՕԳՈՍՏՈՍ․
  • Հայաստանը եւ Ապագան – Արմէն Տարպինեան (Ռուս-Հայկական Համալսարանի ռեկտոր)
  • Եզրափակիչ խօսքեր եւ քննարկում մասնակիցներուն կողմէ

 

Ձեւաչափ․ Ամառային դպրոցը բաղկացած պիտի ըլլայ առցանց հանդիպումներէ (35-40 վայրկեան դասախօսութիւն, որուն կը յաջորդէ հարցուպատասխանի նիստ)։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը ընդունուած մասնակիցներուն պիտի տրամադրէ Zoom հասանելիութիւն։

Մասնակիցներ․

Ծրագիրը նախատեսուած է ուսանողներու եւ մասնագէտներու համար, որոնք կը փափաքին խորացնել Հայաստանի դերին ըմբռնումը Հարաւային Կովկասի ռազմավարական միջավայրին մէջ եւ անոր արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները։ Կը քաջալերենք դիմումները՝

  • Հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներէն, որոնք կը փնտռեն Հայաստանի մասին աւելի խորը եւ մասնագիտական գիտելիք։
  • Ուսանողներէն, երիտասարդ գիտնականներէն եւ գործնական մասնագէտներէն (հումանիտար եւ հասարակական գիտութիւններու լայն իմաստով սահմանուած բնագաւառներուն մէջ), որոնք կը հետաքրքրուին Հարաւային Կովկասով։

 

Մասնակիցները պիտի ստանան աւարտման վկայականներ, ինչպէս նաեւ 3 ակադեմիական վարկ Ռուս-Հայկական Համալսարանէն (պահանջով)։ Յաջող դիմորդները պիտի ստանան հաստատման էլ. նամակ՝ 21 Յուլիս 2020-ին։

 

Արդիւնաւետութիւնը բարձրացնելու եւ նպատակային խումբերու հետ աշխատելու համար տեղերը սահմանափակ են։

 

Վայրը եւ Ժամը․ Երեւան, Հայաստան (առցանց, GMT+4)

Ամսաթիւերը․ 27 Յուլիս – 12 Օգոստոս 2020

Մասնակցութեան Արժէքը․ 48,500 ՀՀ դրամ (100 ԱՄՆ տոլար), առանց միջազգային փոխանցման/միջնորդավճարներուն։

Լրիւ եւ մասնակի վճարման ազատումներ կան։ Պիտի ապահովենք, որ ոչ մէկ դիմորդ (ուժեղ որակաւորումներով) դուրս մնայ ֆինանսական նկատառումներով։

Եթէ ազատում պէտք ունիք, խնդրեմ զայն նշէք մօտիվացման նամակին վերջաւորութեան։

 

Դիմելու համար․

Խնդրեմ ներկայացնել ձեր դիմումը (ներառեալ ռեզիւմէն եւ մօտիվացման նամակ մը՝ իւրաքանչիւրը ոչ աւելի քան մէկ էջ) հետեւեալ ձեւաթուղթին միջոցով․

https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSeFbamJM5u8sshPQ1j25tnOO-NcCDG0N5YlEKNADDrO6LVZyg/viewform

 

Խնդիրի եւ/կամ հարցումի պարագային խնդրեմ ուղղակիօրէն դիմել մեզի՝ [email protected]

Մխիթարեանը երկրորդն է 21-րդ դարուն ամենաշատ կոլային փոխանցում կատարած ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ
Նախորդ նիւթը

Մխիթարեանը երկրորդն է 21-րդ դարուն ամենաշատ կոլային փոխանցում կատարած ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ

80 կողմ, 1 դէմ. ԱԺ–ն ընդունած է «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները
Յաջորդ նիւթը

80 կողմ, 1 դէմ. ԱԺ–ն ընդունած է «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները

ԱնցնիլՎեր