Ատրպէյճանական ներթափանցող խումբի յարձակման հետեւանքով Արցախի անձնագրային վարչութեան ծառայողներու շրջանին կայ զոհ եւ վիրաւոր

Այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբի յարձակման հետեւանքով ՆԳՆ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան ծառայողներու շրջանին կայ զոհ եւ վիրաւոր։ Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան մամուլի ծառայութիւնը։ «Մարտի 5-ին ժամը 10։00-ի սահմաններում, «Խայփալու» կոչուող տեղանքում ադրբեջանական զինուժի դիւերսիոն խմբի յարձակման հետեւանքով ՆԳՆ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաների վարչութեան ծառայողների շրջանում կայ զոհ եւ վիրաւոր»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբը թիրախաւորած եւ կրակ արձակած էր ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ։ Նշենք, որ մարտ 3–ին Արցախի մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտման 3 դէպք արձանագրուած էր Մարտունիի
5 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճանական ներթափանցող խումբի յարձակման հետեւանքով Արցախի անձնագրային վարչութեան ծառայողներու շրջանին կայ զոհ եւ վիրաւոր

Այսօր առաւօտեան ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբի յարձակման հետեւանքով ՆԳՆ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան ծառայողներու շրջանին կայ զոհ եւ վիրաւոր։ Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Մարտի 5-ին ժամը 10։00-ի սահմաններում, «Խայփալու» կոչուող տեղանքում ադրբեջանական զինուժի դիւերսիոն խմբի յարձակման հետեւանքով ՆԳՆ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաների վարչութեան ծառայողների շրջանում կայ զոհ եւ վիրաւոր»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցող խումբը թիրախաւորած եւ կրակ արձակած էր ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ։

Նշենք, որ մարտ 3–ին Արցախի մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտման 3 դէպք արձանագրուած էր Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ։ 

Այսօր Վազգէն Սարգսեանի՝ Սպարապետի ծննդեան օրն է. Ան կը դառնար 64 տարեկան
Նախորդ նիւթը

Այսօր Վազգէն Սարգսեանի՝ Սպարապետի ծննդեան օրն է. Ան կը դառնար 64 տարեկան

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ. Չաւուշօղլու
Յաջորդ նիւթը

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ. Չաւուշօղլու

ԱնցնիլՎեր