Ատրպէյճան կը շարունակէ իր սադրանքները. Հայկական բանակը համարժէք պատասխաններ կու տայ

Անցնող  ժամերուն լռութեան մատնուած Ատրպէյճանեան զօրքեր այս առաւօտ կրկին անգամ կը փորձեն սադրանքներ նիւթել: Այս մասին գրած է ՀՀ ՊՆ-ի  մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։ Ստեփանեան նաեւ  նշած է, որ հայկական սահմանապահ զօրքեր  համարժէք կերպով կը պատասխանեն հակառակորդի սադրանքներուն եւ չի բացառուիր, որ Ատրպէյճանի կորուստներուն թիւը բարձրանայ։ Յիշեցնենք, որ երէկ  բաւական ծանր օր եղած էր Տաւուշի մէջ եւ հակառակորդը փորձած էր ներթափանցման փորձ կատարել եւ  հանդիպելով հայկական զօրքերու  լիարժէք դիմադրութեան  կորուստներ կրելով  հեռացած  էր սահմանագիծէն։ Կարգ մը ատրպէյճանցի օգտատէրեր երէկուընէ ի վեր կը գրեն իրենց բանակի ունեցած կորուստներու մասին, նշելով որ իրենց բանակը տուած է 17 մեռել։
13 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Ատրպէյճան կը շարունակէ իր սադրանքները. Հայկական բանակը համարժէք պատասխաններ կու տայ

Անցնող  ժամերուն լռութեան մատնուած Ատրպէյճանեան զօրքեր այս առաւօտ կրկին անգամ կը փորձեն սադրանքներ նիւթել: Այս մասին գրած է ՀՀ ՊՆ-ի  մամլոյ խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան։

Ստեփանեան նաեւ  նշած է, որ հայկական սահմանապահ զօրքեր  համարժէք կերպով կը պատասխանեն հակառակորդի սադրանքներուն եւ չի բացառուիր, որ Ատրպէյճանի կորուստներուն թիւը բարձրանայ։

Յիշեցնենք, որ երէկ  բաւական ծանր օր եղած էր Տաւուշի մէջ եւ հակառակորդը փորձած էր ներթափանցման փորձ կատարել եւ  հանդիպելով հայկական զօրքերու  լիարժէք դիմադրութեան  կորուստներ կրելով  հեռացած  էր սահմանագիծէն։

Կարգ մը ատրպէյճանցի օգտատէրեր երէկուընէ ի վեր կը գրեն իրենց բանակի ունեցած կորուստներու մասին, նշելով որ իրենց բանակը տուած է 17 մեռել։

Հակառակորդը դարձեալ կրակ բացած է Տաւուշի հայկական դիրքի ուղղութեամբ. ՊՆ Խօսնակ
Նախորդ նիւթը

Հակառակորդը դարձեալ կրակ բացած է Տաւուշի հայկական դիրքի ուղղութեամբ. ՊՆ Խօսնակ

Հայկական բանակին հրահանգաւորուած է արձագանգել ըստ անհրաժեշտութեան` ընդհուպ մինչեւ նոր բարենպաստ դիրքերու զբաղեցում
Յաջորդ նիւթը

Հայկական բանակին հրահանգաւորուած է արձագանգել ըստ անհրաժեշտութեան` ընդհուպ մինչեւ նոր բարենպաստ դիրքերու զբաղեցում

ԱնցնիլՎեր