Ատրպէյճան կրակած է Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ. Սահմանի որոշ հատուածներուն կ’ընթանան դիրքային մարտեր

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 13 Սեպտեմբերին՝ կէս գիշերուան ժամը 00:05էն սկսեալ, Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներով, մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով սկսան բուռն կերպով կրակել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը: Ան նշած է, որ հակառակորդը կը կիրարկէ նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր։ Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին ժամը 05.00-ի դրութեամբ փոփոխութիւններ չէ կրած: Սահմանի որոշ հատուածներուն կ’ընթանան դիրքային մարտեր, յայտարարած է ՀՀ պաշտպանության նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը: «Հակառակորդը շարունակում է Վարդենիսի, Սոթքի, Արտանիշի, Իշխանասարի, Գորիսի եւ Կապանի ուղղութիւններով կիրառել հրետանային միջոցներ, ականանետեր, ԱԹՍ-ներ եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ՝ թիրախաւորելով ինչպէս ռազմական, այնպէս էլ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները»,-ըսած է ան:
13 Սեպտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Ատրպէյճան կրակած է Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ. Սահմանի որոշ հատուածներուն կ'ընթանան դիրքային մարտեր

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 13 Սեպտեմբերին՝ կէս գիշերուան ժամը 00:05էն սկսեալ, Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներով, մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով սկսան բուռն կերպով կրակել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Լուրը հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:

Ան նշած է, որ հակառակորդը կը կիրարկէ նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր։

Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին ժամը 05.00-ի դրութեամբ փոփոխութիւններ չէ կրած: Սահմանի որոշ հատուածներուն կ’ընթանան դիրքային մարտեր, յայտարարած է ՀՀ պաշտպանության նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արամ Թորոսեանը:

«Հակառակորդը շարունակում է Վարդենիսի, Սոթքի, Արտանիշի, Իշխանասարի, Գորիսի եւ Կապանի ուղղութիւններով կիրառել հրետանային միջոցներ, ականանետեր, ԱԹՍ-ներ եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ՝ թիրախաւորելով ինչպէս ռազմական, այնպէս էլ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները»,-ըսած է ան:

Խօսնակը աւելցուցած է, որ ՀՀ ԶՈՒ-ն անհրաժեշտ պատասխան կու տայ եւ ամբողջ ծաւալով կը կատարէ իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: Հայկական կողմի կորուստներու վերաբերեալ տուեալները կը ճշդուին:

«Ստեղծուած իրադութեան եւ դրա հետագայ զարգացումների ողջ պատասխանատւութիւնը կրում է Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,-յայտատարած է Թորոսեան:

Ատրպէյճան կրակած է Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ. Սահմանի որոշ հատուածներուն կ'ընթանան դիրքային մարտեր
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճան կրակած է Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ. Սահմանի որոշ հատուածներուն կ’ընթանան դիրքային մարտեր

Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններու հետեւանքով հայկական կողմն ունի զոհեր եւ վիրաւորներ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւններու հետեւանքով հայկական կողմն ունի զոհեր եւ վիրաւորներ

ԱնցնիլՎեր