Արմէն Սարգսեան իր բուժումը պիտի շարունակէ տնային պայմաններու մէջ

Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրով վարակուած Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը կը շարունակէ բուժումը տնային պայմաններու մէջ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Հայաստանի նախագահի ինքնազգացողութիւնը համեմատաբար բարելաւուած է, անոր առողջական վիճակին մէջ առկայ է դրական շարժ, սակայն ան դեռ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ: Բժիշկներու թոյլտւութենէն անմիջապէս ետք նախագահ Սարգսեանը պիտի վերադառնայ Երեւան: Նախագահը կը շարունակէ աշխատիլ հեռավար՝ իրականացնելով իր սահմանադրական գործառոյթները: Հանրապետութեան նախագահը եւ տիկին Նունէ Սարգսեանը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած են առողջութեան մաղթանքներու եւ զօրակցութեան խօսքերու համար:
26 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Արմէն Սարգսեան իր բուժումը պիտի շարունակէ տնային պայմաններու մէջ

Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրով վարակուած Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը կը շարունակէ բուժումը տնային պայմաններու մէջ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հայաստանի նախագահի ինքնազգացողութիւնը համեմատաբար բարելաւուած է, անոր առողջական վիճակին մէջ առկայ է դրական շարժ, սակայն ան դեռ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ:

Բժիշկներու թոյլտւութենէն անմիջապէս ետք նախագահ Սարգսեանը պիտի վերադառնայ Երեւան: Նախագահը կը շարունակէ աշխատիլ հեռավար՝ իրականացնելով իր սահմանադրական գործառոյթները:

Հանրապետութեան նախագահը եւ տիկին Նունէ Սարգսեանը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած են առողջութեան մաղթանքներու եւ զօրակցութեան խօսքերու համար:

«Որեւէ կենդանի հայ պէտք չէ մնայ Ղարաբաղի մէջ». ՄԻՊ-ը հայատեացութեան փաստեր ներկայացուցած է
Նախորդ նիւթը

«Որեւէ կենդանի հայ պէտք չէ մնայ Ղարաբաղի մէջ». ՄԻՊ-ը հայատեացութեան փաստեր ներկայացուցած է

ՄարսԷյլի մէջ կրակած են «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնի ուղղութեամբ
Յաջորդ նիւթը

ՄարսԷյլի մէջ կրակած են «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնի ուղղութեամբ

ԱնցնիլՎեր