Արսէն Թորոսեանը պատուաստուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթով․ ԱՆ

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նախարար Արսէն Թորոսեանը պատուաստուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթով։ Վերջինս ՀՀ-ին նուիրաբերուած էր ՌԴ-ի առողջապահութեան նախարար Միխայիլ Մուրաշքոյի կողմէ։ Նախարարութիւնը յայտնած է, որ պատուաստուողներու մօտ յետպատուաստումային անսպասելի որեւէ երեւոյթ չէ գրանցուած եւ բոլորի ինքնազգացողութիւնը լաւ է: ԱՆ հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է․  «ՌԴ-ի առողջապահութեան նախարար Միխայիլ Մուրաշքոյի կողմից Հայաստանին՝ որպէս նուիրատւութիւն, տրուել էին «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ «Սթութնիք V» պաուաստանիւթի օրինակներ: Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ հակառակ «Սփութնիք V» պատուաստանիւթը քլինիքական փորձարկումների ընթացքում բաւարարել է պատուաստանիւթերի անվտանգութեանը եւ արդիւնաւէտութեանը ներկայացուող պահանջները, այնուամենայնիւ այդ պահին դեռ գրանցուած չէր, ուստի բնակչութեան շրջանում վստահութեան բարձրացման եւ հնարաւոր շահարկումներից խուսափելու նպատակով՝ առաջինը պատուաստուեց Առողջապահութեան նախարարութեան ղեկավար անձնակազմը՝ նախարար Արսէն Թորոսեանի
30 Դեկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Արսէն Թորոսեանը պատուաստուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթով․ ԱՆ

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ նախարար Արսէն Թորոսեանը պատուաստուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթով։ Վերջինս ՀՀ-ին նուիրաբերուած էր ՌԴ-ի առողջապահութեան նախարար Միխայիլ Մուրաշքոյի կողմէ։

Նախարարութիւնը յայտնած է, որ պատուաստուողներու մօտ յետպատուաստումային անսպասելի որեւէ երեւոյթ չէ գրանցուած եւ բոլորի ինքնազգացողութիւնը լաւ է:

ԱՆ հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է․

 «ՌԴ-ի առողջապահութեան նախարար Միխայիլ Մուրաշքոյի կողմից Հայաստանին՝ որպէս նուիրատւութիւն, տրուել էին «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ «Սթութնիք V» պաուաստանիւթի օրինակներ:

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ հակառակ «Սփութնիք V» պատուաստանիւթը քլինիքական փորձարկումների ընթացքում բաւարարել է պատուաստանիւթերի անվտանգութեանը եւ արդիւնաւէտութեանը ներկայացուող պահանջները, այնուամենայնիւ այդ պահին դեռ գրանցուած չէր, ուստի բնակչութեան շրջանում վստահութեան բարձրացման եւ հնարաւոր շահարկումներից խուսափելու նպատակով՝ առաջինը պատուաստուեց Առողջապահութեան նախարարութեան ղեկավար անձնակազմը՝ նախարար Արսէն Թորոսեանի գլխաւորութեամբ: Հարկ է նշել, որ պատուաստուողների շրջանում յետպատուաստումային անսպասելի որեւէ երեւոյթ չի գրանցուել եւ բոլորի ինքնազգացողութիւնը լաւ է»։

2020 Թուականին առնուազն 50 լրագրող սպաննուած է
Նախորդ նիւթը

2020 Թուականին առնուազն 50 լրագրող սպաննուած է

«Իմ քայլը» հիմնադրամը ամանորեայ հեքիաթ կազմակերպած է Լոռի բնակող շուրջ 340 արցախցի երեխայի համար
Յաջորդ նիւթը

«Իմ քայլը» հիմնադրամը ամանորեայ հեքիաթ կազմակերպած է Լոռի բնակող շուրջ 340 արցախցի երեխայի համար

ԱնցնիլՎեր