Արցախի ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեան Լոս Անճեըսի մէջ հանդիպած է ՌԱԿ ղեկավար կազմի հետ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ԱՄՆ կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս  22 սեպտեմբերին ժամանած է Լոս Անճելըս, ուր հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) ղեկավար կազմի հետ։ Այս մասին յայտնած են ԱՀ ԱԳՆ-էն։ Քննարկուած են Արցախի արտաքին քաղաքականութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր։ Դաւիթ Բաբայեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արցախին մշտապէս սատարելու համար՝ այդ ծիրէն ներս կարեւորելով հայկական աւանդական կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, համազգային խնդիրներու լուծման եւ Արցախի շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ։
23 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Արցախի ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեան Լոս Անճեըսի մէջ հանդիպած է ՌԱԿ ղեկավար կազմի հետ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ԱՄՆ կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս  22 սեպտեմբերին ժամանած է Լոս Անճելըս, ուր հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) ղեկավար կազմի հետ։ Այս մասին յայտնած են ԱՀ ԱԳՆ-էն։

Քննարկուած են Արցախի արտաքին քաղաքականութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր։

Դաւիթ Բաբայեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արցախին մշտապէս սատարելու համար՝ այդ ծիրէն ներս կարեւորելով հայկական աւանդական կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, համազգային խնդիրներու լուծման եւ Արցախի շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ։

Էրտողան չի բացառեր Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումը Փրակի մէջ
Նախորդ նիւթը

Էրտողան չի բացառեր Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումը Փրակի մէջ

Պաշտօնական հարց եմ ուղղում Ատրպէյճանի նախագահին՝ կարո՞ղ էք ցոյց տալ Հայաստանի քարտէզը, որը ճանաչում էք. Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր համաժողովի 77-րդ նստաշրջանին
Յաջորդ նիւթը

Պաշտօնական հարց եմ ուղղում Ատրպէյճանի նախագահին՝ կարո՞ղ էք ցոյց տալ Հայաստանի քարտէզը, որը ճանաչում էք. Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր համաժողովի 77-րդ նստաշրջանին

ԱնցնիլՎեր