Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի արագ քննութիւնը բացասական է, կը սպասեն PCR քննութեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը «Քորոնա» ժահրի արագ քննութիւն յանձնած է, պատասխանը բացասական եղած է, այժմ կը սպասէ PCR քննութեան պատասխանին։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը։ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսնակի խօսքով, եթէ քննութեան պատասխանները դրական ըլլան, նախագահը պիտի ինքնամեկուսանայ։ Յիշեցնենք, որ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ։ Արայիկ Յարութիւնեանը 28 մայիսին եղած է Հայաստան, շփուած է վարչապետին հետ։
1 Հունիսի 2020
1 ր. ընթերցում
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի արագ քննութիւնը բացասական է, կը սպասեն PCR քննութեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը «Քորոնա» ժահրի արագ քննութիւն յանձնած է, պատասխանը բացասական եղած է, այժմ կը սպասէ PCR քննութեան պատասխանին։ Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը։

Արայիկ Յարութիւնեանի խօսնակի խօսքով, եթէ քննութեան պատասխանները դրական ըլլան, նախագահը պիտի ինքնամեկուսանայ։

Յիշեցնենք, որ «Քորոնա» ժահր հաստատուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ։ Արայիկ Յարութիւնեանը 28 մայիսին եղած է Հայաստան, շփուած է վարչապետին հետ։

ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն. Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն. Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան

ՌԱԿ-ի Շնորհաւորական գիրը` Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի Շնորհաւորական գիրը` Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին

ԱնցնիլՎեր