Արցախի ՊԲ-ն խոցած է թրքական արտադրութեան Bayraktar TB2 տեսակի ԱԹՍ (տեսանիւթ)

Արցախի ՊԲ-ն այս գիշեր տեսանիւթ հրապարակած է, ուր կը ներկայացուին խոցուած ատրպէյճանական ԱԹՍ-ներ: Քատրերէն մէկուն մէջ կ’երեւայ գանատական արտադրութեան CMX 15D օփթիքա (տեսագրող աչք), որ կ’ըլլայ թրքական արտադրութեան հարուածային Bayraktar TB2 ԱԹՍ-ներու վրայ, որ կը նշանակէ, թէ հայկական կողմը առնուազն մէկ Bayraktar խոցած է: Razminfo-ն նշած է, որ այս տեսագրող աչքով զինուած են նաեւ թրքական արտադրութեան մէկ այլ` Anka ԱԹՍ-ները, այսինքն կարելի չէ բացառել նաեւ անոր խոցումը, թէպէտ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն մէջ անոնց առկայութեան մասին տեղեկութիւն որեւէ բաց աղբիւրի մէջ մինչ այս չէ հանդիպած:  
20 Հոկտեմբերի 2020
1 ր. ընթերցում
Արցախի ՊԲ-ն խոցած է թրքական արտադրութեան Bayraktar TB2 տեսակի ԱԹՍ (տեսանիւթ)

Արցախի ՊԲ-ն այս գիշեր տեսանիւթ հրապարակած է, ուր կը ներկայացուին խոցուած ատրպէյճանական ԱԹՍ-ներ: Քատրերէն մէկուն մէջ կ’երեւայ գանատական արտադրութեան CMX 15D օփթիքա (տեսագրող աչք), որ կ’ըլլայ թրքական արտադրութեան հարուածային Bayraktar TB2 ԱԹՍ-ներու վրայ, որ կը նշանակէ, թէ հայկական կողմը առնուազն մէկ Bayraktar խոցած է:

Razminfo-ն նշած է, որ այս տեսագրող աչքով զինուած են նաեւ թրքական արտադրութեան մէկ այլ` Anka ԱԹՍ-ները, այսինքն կարելի չէ բացառել նաեւ անոր խոցումը, թէպէտ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն մէջ անոնց առկայութեան մասին տեղեկութիւն որեւէ բաց աղբիւրի մէջ մինչ այս չէ հանդիպած:

 

Հակառակորդի հերթական ոչնչացված ԱԹՍ ն
Նախորդ նիւթը

Հակառակորդի հերթական ոչնչացված ԱԹՍ ն

Գիշերուայ ընթացքին յատկապէս ծանր մարտեր ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Գիշերուայ ընթացքին յատկապէս ծանր մարտեր ընթացած են հարաւային ուղղութեամբ

ԱնցնիլՎեր