Գանատան կասեցուցած է Թուրքիոյ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնը յայտարարած է Թուրքիոյ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը կասեցնելու մասին: Այս մասին նախարարը գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին: «Արտահանման վերահսկողութեան խիստ ռեժիմին եւ շարունակուող հետաքննութեան համապատասխան, ես կասեցուցած եմ դէպի Թուրքիա արտահանման համապատասխան թոյլտւութիւնները»,- գրած է ԱԳ նախարարը: Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնը աւելցուցած է, որ Գանատան կոչ կ’ընէ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու բռնութեան կանխարգելման եւ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ: 3 Հոկտեմբերին Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն յայտարարած է, որ Գանատան պէտք է պարզէ, թէ ինչպէս Թուրքիոյ մատակարարուած ռազմական սարքաւորումները յայտնուած են Ատրպէյճանի մէջ: Փորձագէտները ուսումնասիրած էին Ատրպէյճանի օդուժի տարածած տեսանիւթերը եւ եզրակացուցած, որ կիրառուող անօդաչու թռչող սարքերը համալրուած
6 Հոկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Գանատան կասեցուցած է Թուրքիոյ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնը յայտարարած է Թուրքիոյ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը կասեցնելու մասին: Այս մասին նախարարը գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին:

«Արտահանման վերահսկողութեան խիստ ռեժիմին եւ շարունակուող հետաքննութեան համապատասխան, ես կասեցուցած եմ դէպի Թուրքիա արտահանման համապատասխան թոյլտւութիւնները»,- գրած է ԱԳ նախարարը:

Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնը աւելցուցած է, որ Գանատան կոչ կ’ընէ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու բռնութեան կանխարգելման եւ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

3 Հոկտեմբերին Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն յայտարարած է, որ Գանատան պէտք է պարզէ, թէ ինչպէս Թուրքիոյ մատակարարուած ռազմական սարքաւորումները յայտնուած են Ատրպէյճանի մէջ: Փորձագէտները ուսումնասիրած էին Ատրպէյճանի օդուժի տարածած տեսանիւթերը եւ եզրակացուցած, որ կիրառուող անօդաչու թռչող սարքերը համալրուած եղած են թիրախաւորման եւ նկարահանման համակարգերով, որոնք կ’արտադրէ Գանատայի մէջ տեղակայուած L3Harris Technologies ընկերութեան մասնաճիւղը: The Globe եւ Mail պարբերականները տեղեկացուցած էին, որ այդ ընկերութիւնը այս տարի աւելի վաղ արտօնագիր ստացած է եւ նմանատիպ եօթ համակարգեր մատակարարած է անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող թրքական Baykar ընկերութեան: Գանատայի Ներմուծման եւ արտահանման թոյլտւութեան աքթը կ’արգիլէ զէնք ֊զինամթերքի վաճառքը, եթէ այն կրնայ օգտագործուիլ միջազգային մարդասիրական կանոններու կամ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման համար:

Արցախի մէջ զոհուած է 19, վիրաւորուած` 80 խաղաղ բնակիչ
Նախորդ նիւթը

Արցախի մէջ զոհուած է 19, վիրաւորուած` 80 խաղաղ բնակիչ

Միացեալ դատապարտում. Ռուսաստանը ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան դատապարտած են բռնութեան կտրուկ աճը
Յաջորդ նիւթը

Միացեալ դատապարտում. Ռուսաստանը ԱՄՆ-ը եւ Ֆրանսան դատապարտած են բռնութեան կտրուկ աճը

ԱնցնիլՎեր