Գիշերը առաւել յամառ գործողութիւններ ծաւալած են Շուշիի մերձակայքը. ոչնչացուած է թշնամիի մեծաթիւ կենդանի ուժ, 4 հրասայլ, 20 ռազմական սարք, 11 զրահամեքենայ, 2 ԱԹՍ

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը կը յայտնէ, որ նոյեմբեր 7-ին եւ լոյս 8-ի գիշերը փոփոխական ուժգնութեամբ մարտերը շարունակուած են ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով:  «Առաւել յամառ գործողութիւններ ծաւալած են Շուշիի մերձակայքը եւ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ: ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդին հասցուցած են թիրախային հարուածներ` ետ մղելով յառաջխաղացման բազմակի փորձերը: Տարբեր ուղղութիւններով ծաւալած մարտերու ընթացքին ոչնչացուած է Ատրպէյճանի մեծաթիւ կենդանի ուժ, 4 հրասայլ, 20 միաւոր այլ ռազմական սարքեր, 11 միաւոր զրահամեքենայ, 2 ԱԹՍ: Մարտական գործողութիւններուն զուգահեռ հակառակորդը հրթիռահրետանային համակարգերվ թիրախաւորած է նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ Շուշին: Վնասուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ: Լուսադէմին դիտարկուած են հակառակորդի սարքերու եւ անձնակազմի կուտակումներ ճակատային գիծի հարաւարեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածներուն մէջ:
8 Նոյեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Գիշերը առաւել յամառ գործողութիւններ ծաւալած են Շուշիի մերձակայքը. ոչնչացուած է թշնամիի մեծաթիւ կենդանի ուժ, 4 հրասայլ, 20 ռազմական սարք, 11 զրահամեքենայ, 2 ԱԹՍ

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը կը յայտնէ, որ նոյեմբեր 7-ին եւ լոյս 8-ի գիշերը փոփոխական ուժգնութեամբ մարտերը շարունակուած են ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով:

 «Առաւել յամառ գործողութիւններ ծաւալած են Շուշիի մերձակայքը եւ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ: ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդին հասցուցած են թիրախային հարուածներ` ետ մղելով յառաջխաղացման բազմակի փորձերը:

Տարբեր ուղղութիւններով ծաւալած մարտերու ընթացքին ոչնչացուած է Ատրպէյճանի մեծաթիւ կենդանի ուժ, 4 հրասայլ, 20 միաւոր այլ ռազմական սարքեր, 11 միաւոր զրահամեքենայ, 2 ԱԹՍ:

Մարտական գործողութիւններուն զուգահեռ հակառակորդը հրթիռահրետանային համակարգերվ թիրախաւորած է նաեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ Շուշին: Վնասուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:

Լուսադէմին դիտարկուած են հակառակորդի սարքերու եւ անձնակազմի կուտակումներ ճակատային գիծի հարաւարեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածներուն մէջ:

Բանակային ստորաբաժանումները կը վերահսկեն մարտավարական իրադրութիւնը եւ քայլեր կը ձեռնարկեն կրակային խոցման ուղղութեամբ»,-նշուած է կեդրոնի դիմատետրային գրառման մէջ:

 

Շուշին կը շարունակէ մնալ թշնամական կողմի անհասանելի երազանքը. ԱՀ ԱԻՊԾ
Նախորդ նիւթը

Շուշին կը շարունակէ մնալ թշնամական կողմի անհասանելի երազանքը. ԱՀ ԱԻՊԾ

Բերձորի ուղղութեամբ հայկական զօրքերը կարեւոր դիրք մը գրաւած են
Յաջորդ նիւթը

Բերձորի ուղղութեամբ հայկական զօրքերը կարեւոր դիրք մը գրաւած են

ԱնցնիլՎեր