Ստեփանակերտի մէջ պարբերաբար հնչող օդային տագնապը բնակչութեան իրազեկման համար է՝ կապուած երկնային տիրոյթին մէջ յայտնուող թշնամական օդուժի եւ սպասուող սպառնալիքի հետ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի ԱԻ պետական ծառայութիւնը։
«Պայքարը կը շարունակուի նաեւ թիկունքին: Թշնամական ուժերը պարբերաբար կը հրթիռակոծեն խաղաղ բնակավայրերը։
Գիշերը Մարտունին ենթարկուած է ռմբակոծութեան: Հերթական անգամ այստեղ կիրառուեցաւ ռազմական օդուժ եւ ավերածութիւններ ու նիւթական վնասներ պատճառեց խաղաղ բնակչութեան։
Միւս բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։