21 Դեկտեմբերին, ժամը 20:00-ին պիտի վառին գլխաւոր տօնածառի լոյսերը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Երեւանի քաղաքապետարանի ֆէյսպուքեան էջէն։
«Նոր տարին կը սկսի հեքիաթի սպասումով: Երեւանի քաղաքապետարանը սիրով կը հրաւիրէ բարձր տրամադրութեամբ ու վառ յոյսերով Հանրապետութեան հրապարակին մէջ միասին վառելու գլխաւոր տօնածառի լոյսերը, վայելելու Ամանորի տօնական ներկայացում-միւզիքլն ու մասնակցելու Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառի բացման: 21 Դեկտեմբերին, ժամը 20:00-ին եկո՛ւր Հանրապետութեան հրապարակ ու Երեւանի 2750-ամեակի պուրակ: Մենք կը սպասենք ձեզ»,-նշուած է գրառման մէջ: