Դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ռուսական զօրքերու տեղափոխումը կը շարունակուի

Ռուսաստանի ռազմափոխադրային մարմինը Ուլիանովսկէն ուղարկած է ռուս զինուորականներով եւս հինգ Ил-76 օդանաւ՝ մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահ առաքելութեան: Այս մասին 11 նոյեմբերին յայտարարած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «11 նոյեմբեր 2020-ին Ուլիանովսկի շրջանի օդակայանէն թռիչք կատարած են ռազմափոխադրային եւս հինգ Ил-76 օդանաւ՝ ռուս խաղաղապահներով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Զինուորական վարչութիւնը պարզաբանած է, որ օդանաւերուն մէջ կը գտնուին Կեդրոնական ռազմական շրջանի 15-րդ առանձին մօտոհրաձգային ջոկատի (խաղաղապահ) ստորաբաժանումներու անձնակազմերը, նիւթական միջոցներ, մեքենաներ եւ յատուկ սարքեր: Այսօր աւելի վաղ խաղաղապահներու եւս երեք Ил-76 օդանաւ օդ բարձրացած էր:
11 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ռուսական զօրքերու տեղափոխումը կը շարունակուի

Ռուսաստանի ռազմափոխադրային մարմինը Ուլիանովսկէն ուղարկած է ռուս զինուորականներով եւս հինգ Ил-76 օդանաւ՝ մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղապահ առաքելութեան: Այս մասին 11 նոյեմբերին յայտարարած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«11 նոյեմբեր 2020-ին Ուլիանովսկի շրջանի օդակայանէն թռիչք կատարած են ռազմափոխադրային եւս հինգ Ил-76 օդանաւ՝ ռուս խաղաղապահներով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Զինուորական վարչութիւնը պարզաբանած է, որ օդանաւերուն մէջ կը գտնուին Կեդրոնական ռազմական շրջանի 15-րդ առանձին մօտոհրաձգային ջոկատի (խաղաղապահ) ստորաբաժանումներու անձնակազմերը, նիւթական միջոցներ, մեքենաներ եւ յատուկ սարքեր:

Այսօր աւելի վաղ խաղաղապահներու եւս երեք Ил-76 օդանաւ օդ բարձրացած էր:

Վարչապետը այդ որոշումը կայացուց իմ առաջարկով. ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ
Նախորդ նիւթը

Վարչապետը այդ որոշումը կայացուց իմ առաջարկով. ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ

Երեւանի մէջ ձերբակալութիւններ
Յաջորդ նիւթը

Երեւանի մէջ ձերբակալութիւններ

ԱնցնիլՎեր