ԵԱՀԿ գործող նախագահը կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին վերադառնալու քաղաքական երկխօսութեան

ԵԱՀԿ գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաուն մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերսկսած բախումներուն եւ անոնց հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն առնչութեամբ: «Մենք կոչ կ՝ընենք զերծ մնալու ուժի կիրառումէն եւ շարունակելու վերջերս նախաձեռնած իմաստալից քաղաքական երկխօսութիւնը: Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահող՝ Լեհաստանը յանձնառու է աշխատելու գործընկերներուն հետ՝ վերսկսելու եւ ամրապնդելու ջանքերը՝ ուղղուած տեւական խաղաղութեան հաստատման ու տարածաշրջանին մէջ կայուն զարգացման խթանման։ Մենք այս հարցով կ՝աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն: Մենք նաեւ կը վերահաստատենք մեր ամուր աջակցութիւնը Լեհաստանի նախագահած ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի շարունակական աշխատանքին»,- նշուած է ԵԱՀԿ յայտարարութեան մէջ:
12 Հունվարի 2022
2 ր. ընթերցում
ԵԱՀԿ գործող նախագահը կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին վերադառնալու քաղաքական երկխօսութեան

ԵԱՀԿ գործող նախագահ Զպիկնեւ Ռաուն մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վերսկսած բախումներուն եւ անոնց հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն առնչութեամբ:

«Մենք կոչ կ՝ընենք զերծ մնալու ուժի կիրառումէն եւ շարունակելու վերջերս նախաձեռնած իմաստալից քաղաքական երկխօսութիւնը: Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահող՝ Լեհաստանը յանձնառու է աշխատելու գործընկերներուն հետ՝ վերսկսելու եւ ամրապնդելու ջանքերը՝ ուղղուած տեւական խաղաղութեան հաստատման ու տարածաշրջանին մէջ կայուն զարգացման խթանման։

Մենք այս հարցով կ՝աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերուն: Մենք նաեւ կը վերահաստատենք մեր ամուր աջակցութիւնը Լեհաստանի նախագահած ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի շարունակական աշխատանքին»,- նշուած է ԵԱՀԿ յայտարարութեան մէջ:

2021-ի Յունուար 1-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 31 Արցախ այցելած է 4391 օտարերկրեայ քաղաքացի
Նախորդ նիւթը

2021-ի Յունուար 1-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 31 Արցախ այցելած է 4391 օտարերկրեայ քաղաքացի

Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ առկայ իրավիճակը
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ առկայ իրավիճակը

ԱնցնիլՎեր