ԵԱՀԿ-ը դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն ԵԱՀԿ առաքելութիւնը 16 յունուարին հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է  Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին՝ Ակնայէն դէպի հիւսիս-արեւելք ինկած հատուածին։  Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-էն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեթրիքան (Մոլտովա) եւ Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա): Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպշիկը, անոր անձնական օգնական Սայմըն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից  Մարտին Շուսթերը (Գերմանիա): Դիտարկումն անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, սակայն ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ բերած իր առաջապահ դիրքեր: Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:  
16 Հունվարի 2020
3 ր. ընթերցում
ԵԱՀԿ-ը դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն ԵԱՀԿ առաքելութիւնը 16 յունուարին հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է  Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին՝ Ակնայէն դէպի հիւսիս-արեւելք ինկած հատուածին։ 

Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-էն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեթրիքան (Մոլտովա) եւ Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա):

Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկումն իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասպշիկը, անոր անձնական օգնական Սայմըն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա) եւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից  Մարտին Շուսթերը (Գերմանիա):

Դիտարկումն անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, սակայն ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ բերած իր առաջապահ դիրքեր:

Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

 

Էրտողանը Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդի հետ քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ քայլերը
Նախորդ նիւթը

Էրտողանը Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդի հետ քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ քայլերը

Նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեան կարեւորած է բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութեան խնդիրը
Յաջորդ նիւթը

Նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեան կարեւորած է բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութեան խնդիրը

ԱնցնիլՎեր