Երկիրները իրենք պէտք է որոշեն իրենց ճակատագիրը. Նախագահ Ռայիսին` Էրտողանին

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը երէկ երեկոյեան տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ զրուցած են Սամարղանտի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան 22-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս։ Այս մասին կը տեղեկանանք Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքէն։ Ռայիսին նշած է, որ Իրան դէմ է փաթեռնալիզմին (paternalism- հայրականութիւն)։ «Տարածաշրջանին մէջ մեր քաղաքականութեան հիմքը ինկած պիտի ըլլայ այն, որ երկիրներու ճակատագիրը պէտք է հենց իրենք որոշեն, իսկ անոնց ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուին»,–ըսած է Ռայիսին։ Անոր խօսքով` Իրան կ’աջակցի իր ընկերներուն եւ հարեւաններուն ճգնաժամերու ժամանակ, Իրանն իր հարեւաններու բարեկամն է։ Միաժամանակ, Ռայիսին նշած է, թէ կ’ողջունէ «Ղարաբաղի տարածքի ազատագրումը»։
17 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Երկիրները իրենք պէտք է որոշեն իրենց ճակատագիրը. Նախագահ Ռայիսին` Էրտողանին

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը երէկ երեկոյեան տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ զրուցած են Սամարղանտի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան 22-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս։ Այս մասին կը տեղեկանանք Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքէն։

Ռայիսին նշած է, որ Իրան դէմ է փաթեռնալիզմին (paternalism- հայրականութիւն)։

«Տարածաշրջանին մէջ մեր քաղաքականութեան հիմքը ինկած պիտի ըլլայ այն, որ երկիրներու ճակատագիրը պէտք է հենց իրենք որոշեն, իսկ անոնց ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուին»,–ըսած է Ռայիսին։

Անոր խօսքով` Իրան կ’աջակցի իր ընկերներուն եւ հարեւաններուն ճգնաժամերու ժամանակ, Իրանն իր հարեւաններու բարեկամն է։

Միաժամանակ, Ռայիսին նշած է, թէ կ’ողջունէ «Ղարաբաղի տարածքի ազատագրումը»։

Փութին Ալիեւին մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման կապակցութեամբ
Նախորդ նիւթը

Փութին Ալիեւին մտահոգութիւն յայտնած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի սրման կապակցութեամբ

Նենսի Փելոսին ժամանեց Երեւան
Յաջորդ նիւթը

Նենսի Փելոսին ժամանեց Երեւան

ԱնցնիլՎեր