Արցախի հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ծառայութեան փրկարարական ջոկատները երկօրեայ դադարէ ետք այսօր վերսկսած են պատերազմի ընթացքին զոհուած զինծառայողներու աճիւններու, միաժամանակ անյայտ կորսուածներու փրկարար-որոնողական աշխատանքները:
Փրկարարական 5 ջոկատով որոնումներն այսօր կ’իրականացուին Հատրութի, Վարանտայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրական (Ճապրայիլ) շրջաններուն մէջ:
Աշխատանքներուն կը մասնակցին նաեւ զինծառայողներու հարազատները: