Եւրոպան պատիժներ պիտի սահմանէ՞ Թուրքիոյ դէմ

Պրիւքսէլի մէջ օրէնսդիրները Թուրքիոյ դէմ հաւանական պատժամիջոցներու ցուցակ կը կազմեն, որպէսզի ստիպեն Անգարային սահմանափակելու արեւելեան Միջերկրականի մէջ ծովային կազի հետախուզումը, յայտնած է  գերմանական «Տէօթչէ Վէլէ» կայանը։ Միաժամանակ իրավիճակը կը շարունակուի սրուիլ, ռազմական շարժումներու եւ «պատերազմի պատրուակի» մասին Անգարայի խօսակցութիւններուն պատճառով: Օգոստոսի վերջին, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները այլ ելք չեն տեսներ, բացի կազմել յատուկ պատժամիջոցներու ցուցակ, մինչդեռ ԵՄ արտաքին գործոց նախարար Ճոզեփ Պորելը յայտարարած է, որ ԵՄ-ի առաջնորդները «կարող են» որոշում ընդունիլ 24 սեպտեմբերին կայանալիք Եւրոպական խորհուրդի նիստի ընթացքին, կարող են եւ կ’ընդունին։ Առայժմ Եւրոպական Միութիւնը կը  նախընտրէ զգուշութիւնը: Պորել կը շարունակէ զուգահեռ բանակցութիւններ վարել Թուրքիոյ հետ, փորձելով նուազեցնել իրավիճակի
11 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Եւրոպան   պատիժներ պիտի սահմանէ՞ Թուրքիոյ   դէմ

Պրիւքսէլի մէջ օրէնսդիրները Թուրքիոյ դէմ հաւանական պատժամիջոցներու ցուցակ կը կազմեն, որպէսզի ստիպեն Անգարային սահմանափակելու արեւելեան Միջերկրականի մէջ ծովային կազի հետախուզումը, յայտնած է  գերմանական «Տէօթչէ Վէլէ» կայանը։

Միաժամանակ իրավիճակը կը շարունակուի սրուիլ, ռազմական շարժումներու եւ «պատերազմի պատրուակի» մասին Անգարայի խօսակցութիւններուն պատճառով: Օգոստոսի վերջին, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները այլ ելք չեն տեսներ, բացի կազմել յատուկ պատժամիջոցներու ցուցակ, մինչդեռ ԵՄ արտաքին գործոց նախարար Ճոզեփ Պորելը յայտարարած է, որ ԵՄ-ի առաջնորդները «կարող են» որոշում ընդունիլ 24 սեպտեմբերին կայանալիք Եւրոպական խորհուրդի նիստի ընթացքին, կարող են եւ կ’ընդունին։

Առայժմ Եւրոպական Միութիւնը կը  նախընտրէ զգուշութիւնը: Պորել կը շարունակէ զուգահեռ բանակցութիւններ վարել Թուրքիոյ հետ, փորձելով նուազեցնել իրավիճակի սրումը, մինչդեռ ներկայիս ԵՄ նախագահող Գերմանիան կը փորձէ միջնորդ հանդիսանալ երկիրներուն միջեւ:

Հաւանական պատժամիջոցներու ցուցակները կը կազմուին եւ կը ճշգրտուին Եւրոպական յանձնաժողովի, ինչպէս նաեւ ԵՄ խորհուրդի տարբեր աշխատանքային խումբերու կողմէ: Կիպրոսը եւ Յունաստանը մտահոգ են, որ գործընթացը կրնայ ձգձգուիլ:

Երկու երկիրներն ալ յայտարարած են, որ կը համաձայնին Պելառուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումին, այն պարագային, եթէ պատժամիջոցներ կիրառուին նաեւ Անգարայի դէմ: Այս միջոցները կը ձեռնարկուին միայն միաձայն համաձայնութեամբ, ուստի իւրաքանչիւր անդամ երկիր կրնայ արգելափակել այս քայլը:

Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Պատմական Դերը. Գէորգ Հալէպլեան
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Պատմական Դերը. Գէորգ Հալէպլեան

«Քորոնա» ժահրի վարակման 179 նոր դէպք  Հայաստանի  մէջ
Յաջորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրի վարակման 179 նոր դէպք Հայաստանի մէջ

ԱնցնիլՎեր