Եւրոպացի գործիչը բարձրացուցած է Շուշիի հայկական եկեղեցիներու հարցը

Եւրոխորհրդարանի անդամ Լուքաս Ֆուրլասը գրաւոր տեսքով հրատապ հարց ուղղած է Եւրայանձնաժողովին ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Շուշիի հայկական եկեղեցւոյ վրայ իրականացուած յարձակումներու մասին: Այս մասին կը տեղեկանանք «Թերթ.ամ»-էն: Իր գրառման մէջ Ֆուրլասը նշած է, որ կը դատապարտէ թրքական զինուած ուժերու կողմէ աջակցութիւն ստացող ատրպէյճանական բանակի գործողութիւնները: Վերջինս գրաւոր դիմումով պահանջած է միջոցներ ձեռնարկել քաղաքացիներու եւ կրօնական նշանակութեան կոթողներու պաշտպանութեան համար: Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը շեշտած է, որ ըստ Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տուեալներուն՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը երկու անգամ յարձակում գործած են Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վրայ  2020 թուականի 8 հոկտեմբերին: Վերջինս հարց ուղղած է՝ արդեօ՞ք ԵՄ-ն մտադիր է քայլեր ձեռնարկել պաշտպանելու համար քաղաքացիներն ու եկեղեցիները:
15 Հունվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Եւրոպացի գործիչը բարձրացուցած է Շուշիի հայկական եկեղեցիներու հարցը

Եւրոխորհրդարանի անդամ Լուքաս Ֆուրլասը գրաւոր տեսքով հրատապ հարց ուղղած է Եւրայանձնաժողովին ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Շուշիի հայկական եկեղեցւոյ վրայ իրականացուած յարձակումներու մասին: Այս մասին կը տեղեկանանք «Թերթ.ամ»-էն:

Իր գրառման մէջ Ֆուրլասը նշած է, որ կը դատապարտէ թրքական զինուած ուժերու կողմէ աջակցութիւն ստացող ատրպէյճանական բանակի գործողութիւնները: Վերջինս գրաւոր դիմումով պահանջած է միջոցներ ձեռնարկել քաղաքացիներու եւ կրօնական նշանակութեան կոթողներու պաշտպանութեան համար:

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը շեշտած է, որ ըստ Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տուեալներուն՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը երկու անգամ յարձակում գործած են Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վրայ  2020 թուականի 8 հոկտեմբերին: Վերջինս հարց ուղղած է՝ արդեօ՞ք ԵՄ-ն մտադիր է քայլեր ձեռնարկել պաշտպանելու համար քաղաքացիներն ու եկեղեցիները:

Ճօ Պայտըն չէ պատասխանած հեռախօսազրոյց ունենալու Էրտողանի խնդրանքին
Նախորդ նիւթը

Ճօ Պայտըն չէ պատասխանած հեռախօսազրոյց ունենալու Էրտողանի խնդրանքին

Իլհամ Ալիեւը կնոջ ու դստեր հետ Շուշի այցելած է (Լուսանկարներ)
Յաջորդ նիւթը

Իլհամ Ալիեւը կնոջ ու դստեր հետ Շուշի այցելած է (Լուսանկարներ)

ԱնցնիլՎեր