Զգուշացուցէք  Թուրքիային` դադրեցնելու զէնք եւ մարտիկներ ուղարկել Պաքու. Քարտաշեան

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրման կապակցութեամբ իր Twitter-եան էջին յայտնի հեռուստաստղ Քիմ Քարտաշեան գրառում կատարած է: «Կոչ ըրէք Պաքուին դադրեցնելու ուժի կիրառումը, դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու Ատրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութիւնը, որ կ՛օգտագործուի հայերու դէմ եւ զգուշացուցէք  Թուրքիային` դադրեցնելու զէնք եւ մարտիկներ ուղարկել Պաքու»,-գրած է Քարտաշեան: Ան շեշտած է` պէտք են միջազգային դիտորդներ, որ ուսումնասիրեն եւ միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցառումներու կոչ ընեն` կանխելու անհարկի սրացումն ու ողբերգութիւնը: Քարտաշեան յղում տեղադրած է եւ խնդրած, որ ատով Ատրպէյճանի յարձակումը կանխելու համար Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսին կոչ ընեն: «Արցախի մէջ հայերը յարձակման ենթարկուած են: Մենք կ՛աղօթենք խիզախ տղամարդոց եւ կանանց համար, որոնք
28 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Զգուշացուցէք  Թուրքիային` դադրեցնելու զէնք եւ մարտիկներ ուղարկել Պաքու. Քարտաշեան

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրման կապակցութեամբ իր Twitter-եան էջին յայտնի հեռուստաստղ Քիմ Քարտաշեան գրառում կատարած է:

«Կոչ ըրէք Պաքուին դադրեցնելու ուժի կիրառումը, դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու Ատրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութիւնը, որ կ՛օգտագործուի հայերու դէմ եւ զգուշացուցէք  Թուրքիային` դադրեցնելու զէնք եւ մարտիկներ ուղարկել Պաքու»,-գրած է Քարտաշեան:

Ան շեշտած է` պէտք են միջազգային դիտորդներ, որ ուսումնասիրեն եւ միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցառումներու կոչ ընեն` կանխելու անհարկի սրացումն ու ողբերգութիւնը: Քարտաշեան յղում տեղադրած է եւ խնդրած, որ ատով Ատրպէյճանի յարձակումը կանխելու համար Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսին կոչ ընեն:

«Արցախի մէջ հայերը յարձակման ենթարկուած են: Մենք կ՛աղօթենք խիզախ տղամարդոց եւ կանանց համար, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը `պաշտպանելու Արցախը եւ  Հայաստանը»,-շեշտած է Քարտաշեան:

 

Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը այս ամէնուն մէջ շատ վտանգաւոր տարրեր կը պարունակէ. Արցախի ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը այս ամէնուն մէջ շատ վտանգաւոր տարրեր կը պարունակէ. Արցախի ԱԳՆ

Արցախի դեմ կիրառվել են «Սմերչ» համազարկային համակարգ
Յաջորդ նիւթը

Արցախի դեմ կիրառվել են «Սմերչ» համազարկային համակարգ

ԱնցնիլՎեր