Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը ԱՄՆ քոնկրէսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Ճուտի Չուի հետ

Հոկտեմբեր 7-ին Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի եւ հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներ Ճեքի Սփիրը եւ Ճուտի ճուն: Ողջունելով քոնկրէսականները՝ նախարար Մնացականեանը գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ հայ-ամերիկեան երկխօսութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ՝ այդ ծիրէն ներս բարձր գնահատելով քոնկրէսականներու ջանքերը՝ ուղղուած հայ-ամերիկեան գործընկերութեան ամրապնդման եւ բազմաթիւ հայանպաստ նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչման: Նախարար Մնացականեանը Ճեքի Սփիրին եւ Ճուտի Ճուին ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, կառավարութեան՝ ժողովուրդի կողմէ տրուած լայն մանտաթի շրջածիրէն ներս նախաձեռնած բարեփոխումներու գործընթացը: Հանդիպման ժամանակ արծարծուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային կարեւորութեան շարք մը արդիական հարցեր:
8 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը ԱՄՆ քոնկրէսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Ճուտի Չուի հետ

Հոկտեմբեր 7-ին Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի եւ հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներ Ճեքի Սփիրը եւ Ճուտի ճուն:

Ողջունելով քոնկրէսականները՝ նախարար Մնացականեանը գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ հայ-ամերիկեան երկխօսութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ՝ այդ ծիրէն ներս բարձր գնահատելով քոնկրէսականներու ջանքերը՝ ուղղուած հայ-ամերիկեան գործընկերութեան ամրապնդման եւ բազմաթիւ հայանպաստ նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչման:

Նախարար Մնացականեանը Ճեքի Սփիրին եւ Ճուտի Ճուին ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, կառավարութեան՝ ժողովուրդի կողմէ տրուած լայն մանտաթի շրջածիրէն ներս նախաձեռնած բարեփոխումներու գործընթացը:

Հանդիպման ժամանակ արծարծուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային կարեւորութեան շարք մը արդիական հարցեր:

Վայելեցէք անուշահամ միրգերը, հայկական գինին. ՀՀ վարչապետի խորհուրդը WCIT-ի հիւրերուն
Նախորդ նիւթը

Վայելեցէք անուշահամ միրգերը, հայկական գինին. ՀՀ վարչապետի խորհուրդը WCIT-ի հիւրերուն

Թանքեան դէմ է Ամուլսարի հանքի շահագործման
Յաջորդ նիւթը

Թանքեան դէմ է Ամուլսարի հանքի շահագործման

ԱնցնիլՎեր