«Էրեբունի» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է 44 հայ գերիներ տեղափոխող ռուսական օդանաւը

Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանին մէջ քիչ առաջ վայրէջք կատարած է 44 հայ գերիներ տեղափոխող ռուսական օդանաւը: Տեղեկութիւնը յայտնած է Sputnik Արմենիա-ն։ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը մօտեցած են օդանաւին։ Նշենք, որ այսօր մեկնարկած է գերիներու ու պատանդներու փոխանակման գործընթացը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ։ Յիշեցնենք նաեւ, որ կողմերու միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռքբերուած է՝ փոխանակումը կատարել «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։
14 Դեկտեմբերի 2020
1 ր. ընթերցում
«Էրեբունի» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է 44 հայ գերիներ տեղափոխող ռուսական օդանաւը

Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանին մէջ քիչ առաջ վայրէջք կատարած է 44 հայ գերիներ տեղափոխող ռուսական օդանաւը: Տեղեկութիւնը յայտնած է Sputnik Արմենիա-ն։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը մօտեցած են օդանաւին։

Նշենք, որ այսօր մեկնարկած է գերիներու ու պատանդներու փոխանակման գործընթացը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ։

Յիշեցնենք նաեւ, որ կողմերու միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռքբերուած է՝ փոխանակումը կատարել «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով։

Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարը պատմած է Հատրութի շջանին մէջ իրավիճակի մասին
Նախորդ նիւթը

Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարը պատմած է Հատրութի շջանին մէջ իրավիճակի մասին

«Արցախեան պատերազմին պէտք է աջակցէինք Հայաստանին». իրանցի պատգամաւոր
Յաջորդ նիւթը

«Արցախեան պատերազմին պէտք է աջակցէինք Հայաստանին». իրանցի պատգամաւոր

ԱնցնիլՎեր