Ընտրեր եմ նոր Արցախը. Մասիս Մայիլեան

Համապետական ընտրութիւններուն կատարելով իմ քաղաքացիական պարտքը՝ ընտրեր եմ նոր Արցախը՝ աւելի ապահով, անվտանգ, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ: «Արցախբրես»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ԱՀ նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանը: Անոր խօսքով՝ մարդիկ կ’ուզեն իրական փոփոխութիւններ եւ որ իրաւական դաշտի մէջ բոլորը ըլլան հաւասար: «Իմ առիթները շատ բարձր կը գնահատեմ, եւ ընտրուելէ ետք մենք պիտի իրականացնենք արմատական բարեփոխումներու ծրագիր: Որպէս նախագահ՝ պիտի փորձեմ միաւորել հասարակութիւնը, քանի որ ընտրութիւններէն առաջ միշտ ալ կ’ըլլայ պառակտում: Եթէ երկրորդ փուլ ըլլայ, անկասկած, ես եւս կ’ըլլամ այնտեղ»,- աւելացուցած է Մ. Մայիլեանը:
31 Մարտի 2020
2 ր. ընթերցում
Ընտրեր եմ նոր Արցախը. Մասիս Մայիլեան

Համապետական ընտրութիւններուն կատարելով իմ քաղաքացիական պարտքը՝ ընտրեր եմ նոր Արցախը՝ աւելի ապահով, անվտանգ, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ:

«Արցախբրես»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ԱՀ նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանը:

Անոր խօսքով՝ մարդիկ կ’ուզեն իրական փոփոխութիւններ եւ որ իրաւական դաշտի մէջ բոլորը ըլլան հաւասար:

«Իմ առիթները շատ բարձր կը գնահատեմ, եւ ընտրուելէ ետք մենք պիտի իրականացնենք արմատական բարեփոխումներու ծրագիր: Որպէս նախագահ՝ պիտի փորձեմ միաւորել հասարակութիւնը, քանի որ ընտրութիւններէն առաջ միշտ ալ կ’ըլլայ պառակտում: Եթէ երկրորդ փուլ ըլլայ, անկասկած, ես եւս կ’ըլլամ այնտեղ»,- աւելացուցած է Մ. Մայիլեանը:

Ստիպուած ենք 10 օրով երկարաձգել խստացուած սահմանափակումները. Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Ստիպուած ենք 10 օրով երկարաձգել խստացուած սահմանափակումները. Փաշինեան

Արցախի համապետական ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու 72, 7 %-ը
Յաջորդ նիւթը

Արցախի համապետական ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու 72, 7 %-ը

ԱնցնիլՎեր