Թուրքիան Ուքրանիա ուղարկած է սուրիացի գրոհայիններ, որոնք 44-օրեայ պատերազմէն ետք մնացած էին ԼՂ-ի մէջ:
Զինեալները կը պատերազմին ուքրանական իշխանութիւններու ստեղծած օտարերկրեայ լեգեոնի կազմին մէջ։
Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին ըսած է սուրիական ընդդիմութեան աղբիւրը:
«Թուրքիան Սուրիայէն աւելի քան 2 հազար գրոհային ուղարկած էր Լեռնային Ղարաբաղ՝ մասնակցելու Հայաստանի դէմ 2020 թուականին ռազմական գործողութիւններուն, եւ այդ գրոհայիններու մեծ մասը ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք մնացած էին այնտեղ։ Թուրքիան գրոհայինները Ղարաբաղէն ուղարկած է Ուքրանիա՝ ուքրանական բանակի կողմէ հակամարտութեան մասնակցելու համար»,- ըսած է աղբիւրը։