Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպանութեան թեկնածուն պատրաստ է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Նախկին հանրապետական ծերակուտական Ճեֆ Ֆլէյք՝ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի յաջորդ դեսպանի թեկնածուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ իրականացուած զանգուածային ոճրագործութիւնները պաշտօնապէս ճանչցած է որպէս Ցեղասպանութիւն՝ հակադարձելով այդ հարցին վերաբերեալ իր նախկին դիրքորոշման: Ֆլէյք հաստատակամօրէն «այո» պատասխանած է, երբ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես հարցուցած է՝ արդեօք ան փոխա՞ծ է իր դիրքորոշումը եւ պատրաստ է «միանալու այս մարմինին եւ վարչակազմին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերահաստատելու համար»: Թէ՛ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ եւ թէ՛ Ծերակոյտին մէջ եղած ժամանակ՝ 2005, 2007, 2010 եւ 2014 թուականներուն, Ֆլէյքը դէմ քուէարկած է Ցեղասպանութեան մասին Քոնկրէսի օրինագիծերուն: Բացի այդ, Ֆլէյքը անդրադարձած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան՝ Թուրքիոյ դերը բնութագրելով որպէս
30 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպանութեան թեկնածուն պատրաստ է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Նախկին հանրապետական ծերակուտական Ճեֆ Ֆլէյք՝ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի յաջորդ դեսպանի թեկնածուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ իրականացուած զանգուածային ոճրագործութիւնները պաշտօնապէս ճանչցած է որպէս Ցեղասպանութիւն՝ հակադարձելով այդ հարցին վերաբերեալ իր նախկին դիրքորոշման:

Ֆլէյք հաստատակամօրէն «այո» պատասխանած է, երբ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես հարցուցած է՝ արդեօք ան փոխա՞ծ է իր դիրքորոշումը եւ պատրաստ է «միանալու այս մարմինին եւ վարչակազմին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերահաստատելու համար»:

Թէ՛ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ եւ թէ՛ Ծերակոյտին մէջ եղած ժամանակ՝ 2005, 2007, 2010 եւ 2014 թուականներուն, Ֆլէյքը դէմ քուէարկած է Ցեղասպանութեան մասին Քոնկրէսի օրինագիծերուն:

Բացի այդ, Ֆլէյքը անդրադարձած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան՝ Թուրքիոյ դերը բնութագրելով որպէս ապակայունացնող:

«Եթէ թեկնածութիւնս հաստատուի, պիտի խրախուսեմ Թուրքիային աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կայուն երկարաժամկէտ լուծում գտնելու ջանքերուն եւ պիտի խրախուսեմ Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ տարաձայնութիւններու խաղաղ եւ դիւանագիտական լուծումներու հարցին մէջ», ըսած է ան:

Ծաղկող ծառէն մինչեւ քարահունջ. Տուպայ էքսփօ 2020-ին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանը
Նախորդ նիւթը

Ծաղկող ծառէն մինչեւ քարահունջ. Տուպայ էքսփօ 2020-ին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանը

Դատարանի որոշմամբ՝ Դաւիթ Տօնոյեանը կալանաւորուեցաւ
Յաջորդ նիւթը

Դատարանի որոշմամբ՝ Դաւիթ Տօնոյեանը կալանաւորուեցաւ

ԱնցնիլՎեր