Թուրք լրագրողը 10 ամսուան ազատազրկման դատապարտած են՝ կրօնական արժէքները վիրաւորելու համար

Թրքական դատարանը 10 ամսուան ազատազրկման դատապարտած է լրագրող եւ ակադեմիկոս Էրոլ Մութերսիմլերը՝ «երկրի կրօնական արժէքները վիրաւորելու» մեղադրանքով: Այս մասին կը յայտնէ T24 լրատուական կայքը: Մեղադրանքը կապուած է հեռուստածրագրի մը ժամանակ Մութերսիմլերի մեկնաբանութիւններուն հետ, ուր ան քննադատած է Իմամ Հաթիպի կրօնական դպրոցները: «Իմամ Հաթիպի շրջանաւարտներն այսօր կը յայտնուին մեր առջեւ՝ որպէս սեռական այլասերուածներ, գողեր եւ խարդախներ»,- ըսած է ան: Թուրքիոյ կրօնական գործերու գրասենեակի ղեկավար Ալի Էրպաշը անոր խօսքերը համարած է «անընդունելի»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը Իմամ Հաթիպի դպրոցներու աշխոյժ կողմնակիցն է, որոնք իսլամական հոգեւորականներ կը պատրաստեն: Նմանատիպ դպրոց աւարտածներու թիւը Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի 18-ամեայ ղեկավարութեան օրօք կտրուկ աճած է՝ 450-էն հասնելով
20 Ապրիլի 2021
3 ր. ընթերցում
Թուրք լրագրողը 10 ամսուան ազատազրկման դատապարտած են՝ կրօնական արժէքները վիրաւորելու համար

Թրքական դատարանը 10 ամսուան ազատազրկման դատապարտած է լրագրող եւ ակադեմիկոս Էրոլ Մութերսիմլերը՝ «երկրի կրօնական արժէքները վիրաւորելու» մեղադրանքով: Այս մասին կը յայտնէ T24 լրատուական կայքը:

Մեղադրանքը կապուած է հեռուստածրագրի մը ժամանակ Մութերսիմլերի մեկնաբանութիւններուն հետ, ուր ան քննադատած է Իմամ Հաթիպի կրօնական դպրոցները: «Իմամ Հաթիպի շրջանաւարտներն այսօր կը յայտնուին մեր առջեւ՝ որպէս սեռական այլասերուածներ, գողեր եւ խարդախներ»,- ըսած է ան: Թուրքիոյ կրօնական գործերու գրասենեակի ղեկավար Ալի Էրպաշը անոր խօսքերը համարած է «անընդունելի»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը Իմամ Հաթիպի դպրոցներու աշխոյժ կողմնակիցն է, որոնք իսլամական հոգեւորականներ կը պատրաստեն: Նմանատիպ դպրոց աւարտածներու թիւը Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի 18-ամեայ ղեկավարութեան օրօք կտրուկ աճած է՝ 450-էն հասնելով աւելի քան 5000-ի:

Ընդհանուր առմամբ 16 մարդ, ներառեալ արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութիւններու նախարարի որդին, որ նոյնպէս այս դպրոցի շրջանաւարտ է, Մութերսիմլերի խօսքերու կապակցութեամբ քրէական բողոքներ ներկայացուցած են Իսթանպուլի գլխաւոր դատախազութիւն, կը հաղորդէ T24-ը:

Սքանտալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ․ թրքական տեսաշարի մը մէջ Արցախը եւ Ատրպէյճանը ներկայացուած են որպէս Հայաստան
Նախորդ նիւթը

Սքանտալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ․ թրքական տեսաշարի մը մէջ Արցախը եւ Ատրպէյճանը ներկայացուած են որպէս Հայաստան

Սիւնիքի մարզին մէջ բարձրաստիճան ոստիկանապետեր պաշտօնանկ եղած են, մարզը նոր ոստիկանապետ ունի
Յաջորդ նիւթը

Սիւնիքի մարզին մէջ բարձրաստիճան ոստիկանապետեր պաշտօնանկ եղած են, մարզը նոր ոստիկանապետ ունի

ԱնցնիլՎեր