Թրքական իսլամիստական շարժումը տեղ չունի Ֆրանսայի մէջ

Թրքական իսլամիստական Milli Görüş շարժումը (Ազգային տեսակէտ) կը հակասէ ֆրանսական արժէքներուն եւ տեղ չունի Ֆրանսայի մէջ, BFM TV-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Կապրիէլ Աթալը: «Ես կը կարծեմ, որ այս կազմակերպութիւնը, որ կը հակասէ (Ֆրանսական) Հանրապետութեան արժէքներուն, որ կը պայքարի Հանրապետութեան արժէքներու դէմ, կանանց եւ տղամարդոց հաւասարութեան դէմ, դէմ է մարդկային արժանապատուութեան»,- ըսած է Կապրիէլ Աթալը: «Ակնյայտ է, որ այն պէտք չէ գործունէութիւն իրականացնէ եւ գոյութիւն ունենայ հանրապետութեան մէջ»,- աւելցուցած է ան: Milli Görüş-ը հիմնադրած են Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Նաճմ ալ-Տին Էրպաքանի կողմնակիցները, այն գաղափարապէս մօտ է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան: Կը հաղորդուի, որ այն
2 Ապրիլի 2021
4 ր. ընթերցում
Թրքական իսլամիստական շարժումը տեղ չունի Ֆրանսայի մէջ

Թրքական իսլամիստական Milli Görüş շարժումը (Ազգային տեսակէտ) կը հակասէ ֆրանսական արժէքներուն եւ տեղ չունի Ֆրանսայի մէջ, BFM TV-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ֆրանսայի կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Կապրիէլ Աթալը:

«Ես կը կարծեմ, որ այս կազմակերպութիւնը, որ կը հակասէ (Ֆրանսական) Հանրապետութեան արժէքներուն, որ կը պայքարի Հանրապետութեան արժէքներու դէմ, կանանց եւ տղամարդոց հաւասարութեան դէմ, դէմ է մարդկային արժանապատուութեան»,- ըսած է Կապրիէլ Աթալը: «Ակնյայտ է, որ այն պէտք չէ գործունէութիւն իրականացնէ եւ գոյութիւն ունենայ հանրապետութեան մէջ»,- աւելցուցած է ան:

Milli Görüş-ը հիմնադրած են Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Նաճմ ալ-Տին Էրպաքանի կողմնակիցները, այն գաղափարապէս մօտ է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան:

Կը հաղորդուի, որ այն ամբողջ Եւրոպայի մէջ ունի մինչեւ 300 000 անդամ, որ անոր կը դարձնէ թրքական սփիւռքի ամենամեծ կազմակերպութիւններէն մէկը:

Անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ դէմ է քաղաքին մէջ մզկիթի կառուցման համար Միլի Կէորխէին 2,5 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհ տրամադրելու Սթրազպուրլի իշխանութիւններու որոշման:

Ֆրանսայի ՆԳ նախարար Ժերալտ Տարմանինի խօսքով՝ կազմակերպութիւնը հրաժարած է ստորագրել կառավարական նոր կանոնադրութիւնը, որ նպատակ ունի հակազդելու կրօնական ծայրայեղականութեան, ուստի անոր պէտք չէ ֆինանսաւորում յատկացուէր:

Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն ու մեր հերոսներու սխրանքները յաւերժ կը մնան մեր պատմութեան եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ․ Արցախի ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն ու մեր հերոսներու սխրանքները յաւերժ կը մնան մեր պատմութեան եւ սերունդներու յիշողութեան մէջ․ Արցախի ԱԳՆ

ԱՄՆ քոնկրէսականները երկրի ղեկավարութենէն պահանջած են աւելի քան 100 մլն տոլար յատկացել Հայաստանին եւ Արցախին
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ քոնկրէսականները երկրի ղեկավարութենէն պահանջած են աւելի քան 100 մլն տոլար յատկացել Հայաստանին եւ Արցախին

ԱնցնիլՎեր