Ինչ թիւերով պիտի ներկայացուին քաղաքական ուժերը նորակազմ Ազգային Ժողովին մէջ

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը Ազգային Ժողովին մէջ պիտի ստանայ 71, «Հայաստան» դաշինքը՝ 29, «Պատիւ ունեմ»-ը՝ 7 մանտաթ, յայտարարած է ԿԸՅ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը։ Ան յայտնած է, որ ազգային փոքրամասնութիւնները մանտաթ պիտի ստանան հետեւեալ կերպ․ եզիտի, ռուս եւ քիւրտ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր», ասորի՝ «Հայաստան» դաշինք։ Որոշումը ընդունուած է միաձայն։ Յիշեցնենք, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է ՀՀ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու արձանագրութիւնը:  Այդ արդիւնքներուն համաձայն. «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ընտրողներու 53,91 տոկոս ձայները, «Հայաստան» դաշինքը՝ 21,09 տոկոսը, իսկ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 5,22 տոկոսը։
28 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Ինչ թիւերով պիտի ներկայացուին քաղաքական ուժերը նորակազմ Ազգային Ժողովին մէջ

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը Ազգային Ժողովին մէջ պիտի ստանայ 71, «Հայաստան» դաշինքը՝ 29, «Պատիւ ունեմ»-ը՝ 7 մանտաթ, յայտարարած է ԿԸՅ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը։

Ան յայտնած է, որ ազգային փոքրամասնութիւնները մանտաթ պիտի ստանան հետեւեալ կերպ․ եզիտի, ռուս եւ քիւրտ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր», ասորի՝ «Հայաստան» դաշինք։

Որոշումը ընդունուած է միաձայն։

Յիշեցնենք, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է ՀՀ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու արձանագրութիւնը:  Այդ արդիւնքներուն համաձայն.

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ընտրողներու 53,91 տոկոս ձայները, «Հայաստան» դաշինքը՝ 21,09 տոկոսը, իսկ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 5,22 տոկոսը։

Պետականաշինութեան Նոր Հանգրուան. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւն
Նախորդ նիւթը

Պետականաշինութեան Նոր Հանգրուան. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւն

Ատրպէյճանցիները Տեղ գիւղի բնակիչներուն արգիլած են հաւաքել խոտը. զինուորականներու ու կամաւորներու հսկողութեամբ կազմակերպուած է բերքի տեղափոխումը
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները Տեղ գիւղի բնակիչներուն արգիլած են հաւաքել խոտը. զինուորականներու ու կամաւորներու հսկողութեամբ կազմակերպուած է բերքի տեղափոխումը

ԱնցնիլՎեր