Լաչինի միջանցքի փակումը բացասաբար կ’անդրադառնայ երեխաներու վրայ. ԵՈՒՆԻՍԵՖ

Լեռնային Ղարաբաղի`Լաչինի միջանցքով մուտքի փաստացի փակումը բացասաբար կ’անդրադառնայ երեխաներու իրավիճակին վրայ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամը`ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը: «Որքան երկար տեւէ այս իրավիճակը, այդքան աւելի շատ պիտի տուժեն երեխաները հիմնական սննդամթերքի եւ տարրական ծառայութիւններու պակասէն, որոնք անհրաժեշտ են իրենց գոյատեւման, առողջ աճի եւ բարեկեցութեան համար: Շատ երեխաներ զրկուած են նաեւ ծնողական խնամքէն, քանի որ բաժնուած են իրենց ծնողներէն կամ օրինական խնամակալներէն: ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը վերահաստատէ նախորդ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին կոչը: Սա չափազանց կարեւոր է ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երեխաները ըլլան պաշտպանուած, եւ որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարենան ապահով եւ արագ հասնիլ
29 Դեկտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Լաչինի միջանցքի փակումը բացասաբար կ'անդրադառնայ երեխաներու վրայ. ԵՈՒՆԻՍԵՖ

Լեռնային Ղարաբաղի`Լաչինի միջանցքով մուտքի փաստացի փակումը բացասաբար կ’անդրադառնայ երեխաներու իրավիճակին վրայ: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամը`ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը:

«Որքան երկար տեւէ այս իրավիճակը, այդքան աւելի շատ պիտի տուժեն երեխաները հիմնական սննդամթերքի եւ տարրական ծառայութիւններու պակասէն, որոնք անհրաժեշտ են իրենց գոյատեւման, առողջ աճի եւ բարեկեցութեան համար: Շատ երեխաներ զրկուած են նաեւ ծնողական խնամքէն, քանի որ բաժնուած են իրենց ծնողներէն կամ օրինական խնամակալներէն:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը վերահաստատէ նախորդ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին կոչը: Սա չափազանց կարեւոր է ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երեխաները ըլլան պաշտպանուած, եւ որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարենան ապահով եւ արագ հասնիլ կարիքի մէջ գտնուողներուն: ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը կը շարունակէ երկխօսութեան եզրեր փնտռել եւ համագործակցիլ բոլոր դերակատարներուն հետ, որպէսզի հնարաւորութիւն ստանայ մուտք գործելու՝ աջակցելու այդ տարածքին մէջ բնակող երեխաներուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ

Ատրպէյճան 12 դեկտեմբերէն մինչ այս պահը կը շարունակէ փակ պահել Արցախը աշխարհին կապող միակ մայրուղին՝ Լաչինի միջանցքը՝ բերելով կեղծ բնապահպանական պատճառաբանութիւններ։

Երաշխաւորել Արցախի հայերու անվտանգութիւնը. Ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու կոչը՝ Մաքրոնին
Նախորդ նիւթը

Երաշխաւորել Արցախի հայերու անվտանգութիւնը. Ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու կոչը՝ Մաքրոնին

Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը ԱԳՆ կանչուած է
Յաջորդ նիւթը

Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը ԱԳՆ կանչուած է

ԱնցնիլՎեր