Լաւրովն ու Չաւուշօղլուն քննարկած են Ղարաբաղի հարցը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Տոհայի մէջ իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւնները եւ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ ու Սուրիոյ մէջ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը: «Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած ենք Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները»,- գրած է ան Twitter-ի իր էջին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարն ըսած է, որ Անգարան նպատակ ունի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ հասնիլ նախահամավարակային ցուցանիշներու: Չաւուշօղլուն յիշեցուցած է նաեւ, որ չորեքշաբթի օր թրքական Մերսին նահանգին մէջ տեղի ունեցած է «Ակույու» կորիզային կեդրոնի թիւ 3 մասնաբաժնի (պլոքի)
11 Մարտի 2021
2 ր. ընթերցում
Լաւրովն ու Չաւուշօղլուն քննարկած են Ղարաբաղի հարցը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Տոհայի մէջ իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւնները եւ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ ու Սուրիոյ մէջ, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած ենք Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները»,- գրած է ան Twitter-ի իր էջին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարն ըսած է, որ Անգարան նպատակ ունի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ հասնիլ նախահամավարակային ցուցանիշներու:

Չաւուշօղլուն յիշեցուցած է նաեւ, որ չորեքշաբթի օր թրքական Մերսին նահանգին մէջ տեղի ունեցած է «Ակույու» կորիզային կեդրոնի թիւ 3 մասնաբաժնի (պլոքի) կառուցման մեկնարկի արարողութիւնը: «Թող այն արժանիօրէն ծառայէ մեր ազգին»,- աւելցուցած է ան:

 

ՀՀ նախագահը հանդիպման հրաւիրած է վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւնները եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարները
Նախորդ նիւթը

ՀՀ նախագահը հանդիպման հրաւիրած է վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւնները եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարները

Նախագահի հրաւէրին դեռ արձագանգած է միայն «Լուսաւոր Հայաստանը», որ ընդունած է հրաւէրը
Յաջորդ նիւթը

Նախագահի հրաւէրին դեռ արձագանգած է միայն «Լուսաւոր Հայաստանը», որ ընդունած է հրաւէրը

ԱնցնիլՎեր