Լրացաւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի 31 տարելիցը

31 տարի առաջ` 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ին` տեղական ժամանակով ժամը 11:41, Հայաստանը ցնցեց Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը: Անիկա ընդգրկեց հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջանները, անոր տարածքին մօտաւորապէս 40%-ը: Հաշուած վայրկեաններու ընթացքին լրիւ կամ մասնակի աւերակ դարձան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանաւան քաղաքները, Սպիտակի, Ախուրեանի, Գուգարքի, Արագածի, Կալինինոյի, Ստեփանաւանի շրջաններու հարիւրէն աւելի գիւղեր ու բնակավայրեր: Զոհուեցաւ 25 հազարէն աւելի մարդ, 500 հազարը մնաց անօթեւան: Շարքէն դուրս եկաւ բնակելի շէնքերուն 17%-ը, շուրջ` 8 միլիոն քառ. մեթր բնակելի տարածութիւն: Դադրեցան գործել 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, շուրջ 1200 անասնապահական շինութիւններ աւերուեցան: Հայաստանի տնտեսութեան հասցուած վնասը կազմեց 13 միլիառ ռուբլի: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ օգնութեան փութացին։ Հայաստան եկան հարիւրաւոր փրկարարներ,
7 Դեկտեմբերի 2019
6 ր. ընթերցում
Լրացաւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի 31 տարելիցը

31 տարի առաջ` 1988-ի Դեկտեմբեր 7-ին` տեղական ժամանակով ժամը 11:41, Հայաստանը ցնցեց Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը: Անիկա ընդգրկեց հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան շրջանները, անոր տարածքին մօտաւորապէս 40%-ը:

Հաշուած վայրկեաններու ընթացքին լրիւ կամ մասնակի աւերակ դարձան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանաւան քաղաքները, Սպիտակի, Ախուրեանի, Գուգարքի, Արագածի, Կալինինոյի, Ստեփանաւանի շրջաններու հարիւրէն աւելի գիւղեր ու բնակավայրեր:

Զոհուեցաւ 25 հազարէն աւելի մարդ, 500 հազարը մնաց անօթեւան: Շարքէն դուրս եկաւ բնակելի շէնքերուն 17%-ը, շուրջ` 8 միլիոն քառ. մեթր բնակելի տարածութիւն: Դադրեցան գործել 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, շուրջ 1200 անասնապահական շինութիւններ աւերուեցան: Հայաստանի տնտեսութեան հասցուած վնասը կազմեց 13 միլիառ ռուբլի:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ օգնութեան փութացին։ Հայաստան եկան հարիւրաւոր փրկարարներ, բժիշկներ: Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել` դեղորայք, բուժսարքաւորումներ, շինարարական սարքաւորումներ, վրաններ, սննդամթերք եւ ապա` շինարարական աշխատանքներ կատարել: 1989 թուականին աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինծառայողներ:

Հայաստանին համակողմանի օգնութիւն ցոյց տուին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններ:

Տարբեր պետութիւններ շարունակեցին օգնութիւնը Հայաստանին նաեւ հետագայ տարիներուն: Իտալացիները  ամբողջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին Սպիտակի մէջ, նորվեկիացիները` ժամանակակից հիւանդանոց։ Թաղամաս կառուցած են աւստրիացիները: Գիւմրիի մէջ շահագործման յանձնուեցան անգլիացիներու կառուցած դպրոցը։

Այս տարի, Կառավարութեան որոշմամբ, աղէտի գօտիի խնդիրներու լուծման համար 3 միլիառ դրամ յատկացուած է։

Կառավարութիւնն այդ գումարով կը նախատեսէ լուծել աղէտի գօտիի մէջ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած 227 ընտանիքներու բնակարանային խնդիրները։

 

«Հրաշք եւ երազանքներ» . Լոյսերու փառատօն Լիոնի մէջ (Լուսանկարներ)
Նախորդ նիւթը

«Հրաշք եւ երազանքներ» . Լոյսերու փառատօն Լիոնի մէջ (Լուսանկարներ)

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

ԱնցնիլՎեր